ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՄԵՐԳ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Միջկրօնական

27072790_892341584259059_475810636767678674_nՊատրիարքական Աթոռոյ բարձր հովանաւորութեամբ ու Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեամբ, 20 Յունուար 2018, Շաբաթ, ժամը 20.30-ին, Սէնթ Անթուան Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ հանգստեան կոչուած Տ. Մեսրոպ Պատրիարքին ձօնուած Ամանորի Համերգը տեղի ունեցաւ։ Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոս, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Տիրամայր Մարի Մութաֆեան, հոգեւորականներ ու մշակութասէր հասարակութիւնը։

26992271_891862367640314_5703785218975165942_n

26903828_891862354306982_1315331234164841635_nՀանդիսութիւնը ունէր երկու բաժին։ Նախ, եկեղեցւոյ վերնատունէն մեներգեց Գարին Չուպուքճեան Պօզքուրթ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Աննա Գէորգեան Ուղուրլեանի ու հանդէս եկաւ հայկական ու օտար հոգեւոր երգերով։ Յայտագրի այս բաժինը երբ իր աւարտին հասաւ, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, բարի գալստեան խօսք արտասանեց։ Հայր Սուրբը, նշեց թէ սոյն հանդիսութիւնը տեղի կ՚ունենար Պատրիարքական Աթոռոյ բարձր հովանաւորութեամբ ու Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ, առ ի երախտագիտութիւն Մեսրոպ Պատրիարքին։ Յատկանշական էր երեկոյթը, քանի որ համայնքային կեանքէ ներս թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մշակութային արժէքներու կարեւորութիւնը շեշտած Պատրիարք մը կը նշուէր բարձր մակարդակի սոյն հանդիսութեամբ։ Ողջոյնի խօսքերու աւարտին, սփռուեցաւ Մեսրոպ Պատրիարքի բովանդակալից հուսկ բանքերէն մին, արտասանուած՝ հոգեւոր համերգի մը աւարտին։ Մինչ այդ պաստառներու վրայ ցուցադրուեցան նաեւ Պատրիարք Հօր բազմաթիւ նկարները։ Պատրիարք Սրբազան Հօր խօսքերուն յաջորդեց, յայտագրի երկրորդ բաժինը։ Այնուհետեւ, մեներգիչ Գարին Չուպուքճեան Պօզքուրթ եկեղեցւոյ խորանին առջեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց ու ըսաւ թէ՝ Մեսրոպ Պատրիարք ունեցած էր՝ շատերը եկեղեցւոյ երդիքին ներքեւ համախմբելու առաքինութիւնը։ Ինք եւս վայելած ըլլալով իր հայրական հոգածութիւնը, փափաքած էր երախտագիտական համերգ մը կազմակերպել ու յիշեցնել մեծանուն Պատրիարքի գործունէութիւնը։ Իր խօսքերու աւարտին, յայտնեց թէ համերգի երկրորդ բաժինը աւելի պիտի կրէր աղօթքի բնոյթ եւ ներկաները հրաւիրեց միասնաբար երգելու ու աղօթելու Մեսրոպ Պատրիարքի համար։ Ապա երգուեցաւ Հայկական հոգեւոր երգեր։ Հանդիսութեան վերջին բաժնին, մեներգիչին միացաւ նաեւ Յակոբ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը ու միասնաբար երգեցին «Տէր Ողորմեա»ն ու «Հայրապետական Օրհներգ»ը։

19961476_891862617640289_7234644491299568215_n

Հանդէսի աւարտին, Սահակ Եպիսկոպոս հուսկ բանքը արտասանեց։ Նորին Սրբազնութիւնը, անգամ մը եւս շեշտեց Մեսրոպ Պատրիարքի համայքային կեանքէն ներս թողած անջնջելի յիշատակները եւ ըսաւ. «Հանդիսութեան ընթացքին նկարներու մէջ եւս տեսանելի դարձան բազում յիշատակներ, որոնք կը վկայէին Պատրիարք Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ կատարուած հիանալի գործերուն մասին։ Կեանքը այնպէս մը բերաւ որ շատերուն սիրելի այս մեծ առաջնորդը անողոք հիւանդութեան պատճառաւ չկարողացաւ շարունակել իր մեծ գործերը։ Այսօր ան թէեւ հանգստեան կոչուած է, սակայն Իր Պատրիարքական հանգամանքը դրոշմուած է մեր սրտերուն մէջ ու համայնքային կեանքէն ներս։ Այսօրուան հանդիսութեամբ բոլորս ալ վկայեցինք թէ՝ բախտաւոր ենք իր հովանին վայելած ըլլալով ու իր թողած աւանդը պիտի շարունակուի երկար ժամանակ»։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով։

  • 26804671_891862467640304_8595520896828937931_n
  • 26907077_891862590973625_9190549818240332081_n