ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Աշխարհական

171Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 3 Օգոստոս 2005 Չորեքշաբթիժամը 19.30-ին մասնակցեցաւ Զուիցերիոյ Ազգային Տօնին առիթովՍուիսօթէլի պարտէզը սարքուած ընդունելութեան։ ՆորինԱմենապատուութեան կ՚ընկերանար Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի ԽնամակալութեանԱտենապետ՝ Մկրտիչ Արծիւեան։

Ներկայ էին Ստանպուլի Կուսակալ՝ Մուամմէր Կիւլէր, ՀրէիցՌաբունապետ Իցխաք Հալէվա, միւս յարանուանութիւններուներկայացուցիչներ, քաղաքի դիւանագիտաց դասը, ակադեմականներ,գեղարուեստի եւ գործի շրջանակներ։

172Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ ազգային քայլերգներու ունկնդրութենէն յետոյ,կարգաւ խօսք առին Զուիցերիոյ Անգարայի մօտ Լիազօր եւԱրտակարգ Դեսպան՝ Ուալթըր Կիկէր եւ Զուիցերիոյ Պոլսոյ ԱւագՀիւպատոս՝ Անտրէ Պրոհի։

Ապա բեմ բարձրացան Զուիցերիոյ ՀամագործակցութեանԳրասենեակի եւ սոյն գրասենեակի եւ Ստանպուլի Կուսակալութեանհամատեղ ջանքերով եւ օժանդակութեամբ կազմուած ԱղէտիԹաղային Կամաւորներ կոչուած հաստատութեան ներկայացուցիչները,որոնք եւս ելոյթ մը ունենալով բացատրութիւններ տուին իրենցաշխատանքներուն մասին։
173
Ապա հրաւիրեալները համախմբուեցան սեղաններու շուրջ եւհամտեսեցին զուիցերական խոհանոցի ընտիր նմոյշները։ ՆորինԱմենապատուութիւնը սեղանի մը շուրջ մէկտեղուեցաւ ՍտանպուլիԿուսակալ Մուամմէր Կիւլէրի, Հրէից Ռաբունապետ Իցխաք Հալէվայի,Զուիցերիոյ Դեսպան Ուալթէր Կիկէրի, Քանտիլլիի ԱստղադիտարանիՏնօրէն՝ Փրոֆ. Տքթ. Կիւլայ Պարպարոսօղլուի եւ ՏնտեսականԶարգացման Հիմնարկի Ատենապետ Տաւութ Էօքիւթչուի հետ։