ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Այսու մեր համայնքի անդամներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ Տօնին առթիւ 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ առաւօտ, ժամը՝ 10.00-ին,

 

  1. Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։

 

  1. Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Հանդիսապետութեամբ՝ Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեանի։

 

  1. Նոյն օր, ժամը 14.30-ին Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր Շիշլիի Գերեզմանատան հողակոյտին վրայ Իր անուանակոչութեան տօնին առթիւ Հանգստեան Կարգ պիտի կատարուի։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ