ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoԾանօթ է թէ Պատրիարքական, ինչպէս նաեւ համայնքային ու թաղային հաստատութեանց վարիչներու ընտրութեանց առթիւ քուէարկողներու ցանկերը երկար ժամանակէ ի վեր չեն այժմէականացուած։

Մինչդեռ, ընտրութեանց արդիւնքներու առողջութիւնը առընչուած է քուէարկողներու թիւի բազմացման եւ ընտրացանկերու այժմէականացման հետ։

Մեր հայրական թելադրանքն է, որ 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան պատրաստութեան այս շրջանին նկատի ունենալով համայնքի եւ եկեղեցւոյ ապագան, հաճիք անձնագիրներով դիմել Ձեր բնակած թաղի եկեղեցին ու արձանագրուիլ ընտրացանկին մէջ։

Երբ դուն չկաս, մէկ պակաս ենք…

Հայրական օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝
ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԷՔՃԵԱՆ
ՏԵՂԱՊԱՀ