ՄԻԱՑԵԱԼ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ, ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

karozՍկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Միացեալ Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 304րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 100-ամեակը հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ 25 Յունուար 2015, Կիրակի, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեանի։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ դպրաց դասու նախագահ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Միացեալ Դպրաց Դասու Երգչախումբի անդամներու կողմէ։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ հանդիսապետ Սրբազան Հայրը, դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Ռաֆֆի Ափարի, խարտաւիլակութեամբ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։ Սրբազան Հայրը, գնահատելով նաեւ ՝ Բրկ. Սարգիս Դպ. Բարսեղեանի ծառայութիւնը, իրեն շնորհեց ուրարակրութեան արտօնութիւն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն Միացեալ Դպրաց Դասու հանգուցեալ նախագահներուն, դպրապետներուն, երաժշտապետներուն եւ դպիրներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

raffi

 

bahbanic