ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Միջեկեղեցական
12513961_532431703583384_4260325644854816403_oԵկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով, 23 Յունուար 2016, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։
 
Արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Պատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ներկայ էին Լատինաց Եպիսկոպոս` Մոնս. Լուի Փելաթր, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
 
Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լատին Կաթոլիկ, Յոյն Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Հայ Կաթողիկէ, Անկլիքան քոյր եկեղեցիները եւ Ս. Գրոց Ընկերութեան ներկայացուցիչները։ Աղօթքին հետեւեցան հայ ու օտար բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի պաշտամունքին մասնակցեցաւ իր լեզուով։
 
Արարողութեան երգեցողութիւները կատարուեցան Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Արտէն Գարիպեանի։
 
Արարողութիւնը սկսաւ՝ «Խորհուրդ Մեծ» Ս. Ծննդեան շարականի երգեցողութեամբ հոգեւորականաց թափորին եկեղեցի մուտք գործելով եւ ապա արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։
 
Քոյր եկեղեցիներու անդամներու, իրենց լեզով կարդացած Ս. Գրոց ընթերցումներէն յետոյ քարոզեց Սահակ Եպիսկոպոս եւ յիշեցուց թէ եկեղեցիներու միութեան նուիրուած ու աւանդական դառձաւ 8 օրուայ աղօթքի շաբաթը աւարտին հասած էր։ Նորին Սրբազնութիւնը ապա ընդգծելով Քրիստոնէական սիրոյ կարեւորութիւնը.
12604799_532431763583378_3456010514693065525_o
«Այս արարողութիւնները ապացոյցներն են թէ՝ ներկայիս քոյր եկեղեցիներ այլեւս բաժանումի ստուերէն ձերբազատուած, կը յարին Քրիստոնէական միութենական ոգիին։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի թէ իր եկեղեցիին անդամներուն եւ թէ համայն աշխարհին ցոյց կուտայ այս օրինակելի մթնոլորտը։
 
«Այս տարուան բնաբանն է. Կոչ՝ Աստուծոյ սքանչելի գործերը յայտարարելու։ Օրուայ Ս. Գրական ընթերցումէն ալ կը սորուինք թէ, եկեղեցիներու գլխաւոր պարտականութիւնն է Աստուծոյ գործերը, սքանչելիքը, վեհութիւնը տարածել այլ եղբայրներու հետ։ Այս ուղղութեամբ, եկեղեցիներ անցեալին արդեօք որքանո՞վ յաջողեցան։ Յիշենք թէ ինչպէս ծնունդ առաւ Միջեկեղեցական շարժումը։ Մարդիկ այլ երկիրներու մէջ երբ Աւետարան կը քարոզէին, Քրիստոսի վարդապետութեան մասին կը խօսէին, կը լսէին հետեւեալ հարցումն ու առարկութիւնները. Շատ լաւ, ո՞ր եկեղեցին։ Դուք զիրար կ՚այպանէք, կ՚ըսէք թէ այս ինչ եկեղեցւոյ անդամը փրկութենէ զրկուած է, այս եկեղեցւոյ անդամները մեղաւորներ են, ճշմարիտ եկեղեցին մենք ենք։ Եւ յետոյ կը տեսնեն թէ, նման մերձեցումը կը տկարացնէ Քրիստոսի մարմնին միութիւնը եւ եկեղեցւոյ զօրութիւնը։ Այս շրջագիծով ծնունդ առած միութենական աշխատանքները, տարիներու ընթացքին տակաւ առ տակաւ ծաւալեցան եւ հասան մինջեւ այսօր։
 
Ճշմարտութիւն մըն է թէ՝ տարբեր եկեղեցիներ, վարդապետական ուսուցումներուն մէջ կրնան որոշ տարբերութիւններ ունենալ։ Բայց եւ այնպէս, տարբերութեան վրայ ծանրանալով տկարացուցած կ՚ըլլանք Քրիստոսի եկեղեցին։ Որովհետեւ, երբ ի Քրիստոս եղբայրներ կ՚ըլլանք, միայն այն ժամանակ կը դառնանք Քրիստոսի խօսքը ճշմարտապէս յայտարարողներն ու տարածողները»։
 
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուողներ ի մի բերան աղօթեցին վասն Աշխարհի եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ մէջ խաղաղութեան համար։ Աղօթեցին որպէսզի, Աստուծոյ վրայ յոյս դրած հաւատացեալներ, Աստուծոյ վստահած հաւատացեալներ արժանանան Աստուծոյ շնորհներուն եւ առատաբաշխ օրհնութեանց։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով եւ եկեղեցականաց թափորի «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգակցութեամբ եկեղեցիէն ելքով։
12646859_532431650250056_2848664746082176588_o
Յետ պաշտամունքին, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն ու տիկնանց կազմը, Պալըքճեան Սրբահին մէջ սիրոյ սեղանով պատուեցին ներկայ հոգեւորականներն ու հաւատացեալները։