ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

kiliselerarasiԵկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով, 14 Յունուար 2013, Երկուշաբթի, ժամը 18.00-ին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի տնօրինութեամբ արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան՝  Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Մասնակցեցան նաեւ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան, Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկէլեան։

Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ Կաթողիկէ, Լատին Կաթոլիկ, Ասորի Ուղղափառ, Երիցական, Անկլիքան, Dutch Chapel քոյր եկեղեցիները եւ Ս. Գրոց Ընկերութեան ներկայացուցիչները։ Աղօթքին հետեւեցան հայ ու օտար բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի պաշտամունքին մասնակցեցաւ իր լեզուով։

Ս. Գրոց ընթերցումներէն յետոյ քարոզեց Հայր Զաքէոս ընդգծելով Քրիստոնէական սիրոյ կարեւորութիւնը։ «Քրիստոնեայ ըլլալով պէտք չէ բաւարարուինք։ Բոլորս ալ պէտք է զգանք ու լիուլի ապրինք Աստուծոյ խօսքին ու Տէրունական սիրոյ քաղցրութիւնը։ Հաւատքի ու սիրոյ միութեան մէջ յարատեւ պէտք է ըլլանք ու իսկապէս դառնանք Աստուծոյ հաւատարիմ ու սիրոյ մէջ միաբան մէկ եկեղեցի։ Ամբողջ մարդկութիւնը միութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան կարիքն ունի։ Ուստի այս երեւոյթը մեզ աւելի պատասխանատու կը դարձնէ ամբողջ տիեզերքի առջեւ։ Պէտք է միանանք ու միասնաբար պէտք է շալկենք Տիրատուր այս պատասխանատուութիւնը» ըսաւ Հայր Սուրբը։ Իր քարոզի վերջաւորութեան ան աղօթեց նաեւ հարեւան Սուրիոյ խաղաղութեան ու կայունութեան համար։ Արարողութիւնը աւարտուեցաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Յետ պաշտամունքին Թաղային Խորհուրդն ու Նունեաց Տիկնանց Կազմը, Թարգմանչաց Վարժարանի ճաշասրահին մէջ ընթրիքի սեղան սարքեց։

Միջեկեղեցական աղօթքները կը շարունակուին հետեւեալ ժամանակացոյցով՝
16 Յունուար 2013, Չորեքշաբթի, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցի,
17 Յունուար 2013, Հինգշաբթի, Սուրբ Գրոց Ընկերութեան (Bible House) Էմմանուէլ Բողոքական եկեղեցի,
18 Յունուար 2013, Ուրբաթ, Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի։
Փակման աղօթք՝ 19 Յունուար 2013, Շաբաթ, Սանթա Մարիա Լատին Կաթոլիկ եկեղեցի։ Պաշտամունքները պիտի սկսին միշտ ժամը 18.00-ին։