ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Մեծ Պահքի շրջանի Միջինքի աւանդական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 6 Մարտ 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, միաբան հայրեր, քահանայից դասը։

Խաղաղական ժամերգութեան շարականներուն ընդմէջէն ներկաներ գոհութիւն տուին Աստուծոյ որ Մեծ Պահոց շրջանը իր կէսին հասած էր եւ աղօթեցին որ Աստուած արժանացնէ Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տօնին։

Ժամերգութեան աւարտին հոգեւոր հայրեր ծնկաչոք երգեցին «Տէր ողորմեա» սրտառուչ հոգեւոր երգը։ Միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով վերջացաւ Միջինքին նուիրուած արարողութիւնը։

Ապա, հոգեւորականները, Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ մէկտեղուեցան, տեղւոյն Թաղային Խորհուրդին ու Տիկնանց Կազմին համատեղ ջանքերով սարքուած Պահքի թէյասեղանին շուրջ։