ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ԵՐԵԿՈՅԹ ՍԷՆԹ ԱՆԹՈՒԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Միջկրօնական

14581474_325208117856228_8601981217093579460_nՍէնթ Անթուան Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, 27 Հոկտեմբեր 2016, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-ին, տեղի ունեցաւ միջ-կրօնական հաւաքոյթ եւ աղօթքի երեկոյթ՝ «Խաղաղութեան ծառաւ» բնաբանով։ Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պոլսոյ վիճակաւոր՝ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզի հիւրընկալութեամբ կատարուած հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտը, Հրէից Հոգեւոր Պետ Ռավ Իզհաք Հալէվա, ՄԷՔՏԷՐի (Մէվլանա Կրթութեան եւ Մշակոյթի Միութիւն) ատենապետ՝ Հայաթ Նուր Արթըրան, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Սոյն հանդիսութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։

Հանդիսութեան խօսնակի պարտականութիւնը ստանձնեց՝ Ս. Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն՝ Թամար Քարասու։ Ներկայ հոգեւորականներ կարգաւ բեմ բարձրացան եւ իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան ու աղօթեցին վասն խաղաղութեան հաստատման։ Իր կարգին, Յարութիւն Աբեղան իր սրտի խօսքը արտասանեց անդրադառնալով Ասսիսի քաղաքին մէջ առաջին անգամ 30 տարի առաջ կատարուած հանդիսութեան։ Նման հանդիսութիւնը կրկնուած էր տակաւին ամիս մը առաջ՝ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու, ինչպէս զանազան կրօններու պատկանող գործիչներու օրինակելի գործակցութեամբ։ Յայտնեց թէ, միջ-կրօնական գետնի վրայ, ամենաբարձր մակարդակով նման հանդիսութեանց կազմակերպութիւնը, խաղաղութեան նկատմամբ աշխարհի ունեցած ծառաւին ապացոյցն էր։ Այս առթիւ մաղթեց որ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի մէջ տիրէ խաղաղութեան մթնոլորտ։

Հանդիսութեանց ընթացքին եկեղեցւոյ երգչախումբը երգեց հոգեւոր երգեր։ Նաեւ իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ որպէս խորհրդանիշը խաղաղութեան մոմավառութեամբ միացաւ բարեմաղթանքներուն։