ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ 70-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇԵԼՈՒ

Kategori: Համայնքային

12314616_515168058643082_2920881473861633357_oՄխիթարեան Սանուց Միութեան եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները, 3 Դեկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան ներկայ եղաւ նաեւ Մաժակ Թօշիկեան։

Մխիթարեան Սանուց Միութեան ներկայացուցիչները, տեղեկացուցին թէ մօտակայ օրերուն կը պատրաստուէին Սանուց Միութեան 70-ամեակը նշելու։ Այս ուղղութեամբ միութեան մշակած ծրագրի մը մասին տեղեկութիւն տուին ու Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութիւնը խնդրեցին։ 24 Յունուար 2016, Կիրակի, Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը, հանդէս պիտի գայ «Հրանդ Տինք Օրաթորիո»ով, որուն խօսքերը գրի առած է Պերճուհի Պէրպէրեան, իսկ յօրինումը կատարած՝ Մաժակ Թօշիկեան։ Սոյն հանդէսը պիտի ձօնուի Մխիթարեան Սանուց Միութեան 70-ամեակին։ Երգչախումբի ներկայացուցիչներն ու Մաժակ Թօշիկեան, Հայաստանի մէջ կատարուած առաջին համերգին եւ Ստանպուլի մէջ կատարելի սոյն հանդիսութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տուին։ Ի տարբերութիւն առաջին համերգէն, այս անգամ հանդէս պիտի գայ՝ միայն երգչախումբը։

Նորին Սրբազնութիւնը, տարեդարձի եւ համերգի սեմին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։