ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

Թուրքիոյ Մշակութային եւ ԶբօսաշրջութեանՆախարարութեան Խորհրդական Փրոֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Իսէն,18 Մայիս 2005 Չորեքշաբթի կապ հաստատեց Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր հետ եւ տեղեկութիւն փոխանցեցՆախարարութեան որոշումին մասին  Վանայ Լճի ԱղթամարԿղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ նորոգութեան կապակցութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ շաբաթ «Սապահ» օրաթերթին յայտարարութիւն մը ըրած էր հետեւեալ կերպով.

42«Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին եւ վանական համալիրըՀայոց թագաւոր Գագիկ Արծրունիի շրջանին կառուցուած էՄանուէլ Ճարտարապետի կողմէ եւ պաշտամունքի բացուած 921 թուին։ Այս եկեղեցին 12րդ դարէն սկսեալ աթոռանիստըեղած էղ Աղթամարի Հայոց Կաթողիկոսութեան, որհովուապետութիւնն էր պատմական Վասպուրական նահանգի Հայութեան։ Երբ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեանհարցեր կը ծագին, Պոլսոյ մէջ գտնուող Հայոց ԱզգայինԺողովի որոշմամբ 1895 թուականին սոյն կաթողիկոսութիւնըիր վիճակներուն հետ միասին կը դրուի ՊոլսոյՊատրիարքութեան հոգեւոր իրաւասութեան ներքեւ։ ՄեծԵղեռնէն յետոյ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ համալիրըմնացած է անտէր, իսկ դրուած արգելքներուն պատճառաւՊոլսոյ Պատրիարքութեան նման չէ արտօնուածհետաքրքրուիլ Աղթամարի եկեղեցիով ինչպէս որ եղած էգաւառի միւս եկեղեցիներու պարագային։

Անհրաժեշտ է, որ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ համալիրը նորոգուի Հայ Եկեղեցական ճարտարապետութեան ոճին տեղեակհայազգի ճարտարապետներու կողմէ։ Եթէ ոչ, ինչպէս եղաւԱնիի աւերակներու պարագային, Աղթամարի մէջ եւս կրնայպատահիլ որ պատմական կառոյցներուն ուարձանագրութիւններուն կամաւ կամ յակամայս վնասպատճառուի։ Խնդրոյ առարկայ եկեղեցւոյ համալիրիսեփականաթուղթերը կամ օրինական իրաւասութիւններըայսօր որուն որ ալ ձեռքը գտնուին, Վան-ԱղթամարիԿաթողիկոսութեան Աթոռանիստ Ս. Խաչ Եկեղեցին եւվանական համալիրը կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններէններս, ուստի եւ 1461էն ի վեր գործող Թուրքիոյ ՀայոցՊատրիարքութեան կրօնական եւ մշակութայինժառանգութեան անբաժան մասը կը կազմեն։ Թուրքիոյ Հայոց82րդ Պատրիարք Շնորհք Սրբազանը եւ 84րդ պատրիարքիհանգամանքով ես անձնապէս Աղթամարի Եկեղեցւոյնորոգութեան մասին պետական զանազանգրասենեակներուն հետ ասկէ առաջ կապի մէջ մտած ըլլալովհանդերձ որեւէ պատասխան չենք ստացած»։

Փրոֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Իսէն, որ տեղեակ էր Ամեն. Ս.Պատրիարք Հօր այս յայտարարութեան, հաւաստիացուց որՆախարարութիւնը բծախնդրօրէն ձեռք առած է ԱղթամարիԵկեղեցւոյ նորոգութեան հարցը եւ Պատրիարք Հայրը վստահպէտք է ըլլայ, որ նորոգութեան աշխատանքներուն մէջծայրագոյն զգուշութիւն կը ցուցաբերուի պատմական ոճիպահպանման համար։ Փրոֆ. Իսէն ՆորինԱմենապատուութեան տեղեկացուց որ կապ հաստատած եննաեւ Պատմական Ժառանգութեան Պահպանման Հիմնարկիվարչութեան ատենապետ Սապիթ Օսման Ավճըի հետ,որպէսզի հեղինակաւոր հայազգի ճարտարապետ  մը եւսմասնակցի  նորոգութեան աշխատանքներուն։ Ինչպէս յայտնիէ, սոյն հիմնարկի վարչութեան անդամներէն է ՎերգինԱրըօպա։

Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութեան համարշնորհակալութիւն յայտնեց Մշակութային եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան ներկայացուցչին եւըսաւ որ նորոգութեան փուլերուն անձամբ պիտի հետեւի եւմինչ այդ ծրագրած է յառաջիկայ ամիսներուն այցելութիւն մըտալ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցիին եւ կացութիւնը քննելտեղւոյն վրայ։