ՄՈՆՍ. ԵՈՒՍՈՒՖ ՍԱՂԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

DSCN1033Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, իր հետ ունենալով Տ. Օրհան Չանլը Քահանան, 8 Ապրիլ 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին Ս. Յարութեան Տաղաւարը շնորհաւորելու համար այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, յանձին Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր, շնորհաւորեց Հայ համայնքի Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Մաղթեց որ, Ս. Յարութեան Տաղաւարը իր ներկայութեամբ ներգործէ մարդոց ներսիդին ու դառնայ օրհնաբեր տօն մը։ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած այցելութեան համար։ Ինք եւս փոխադարձ բարեմաղթութիւնները յղեց հիւր կրօնապետին։

Այցելութեան աւարտին, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի առաջնորդուեցան, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։