ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

Ս. Կոյս Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը յատուկ հանդիսութեամբ կը նշուի Մուսա Լերան Վագըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տարի եւս, հակառակ համավարակի պայմաններուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր վերին տնօրինութեամբ, կազմակերպուեցաւ հովուապետական անդրանիկ այցելութիւն եւ 16 Օգոստոս, Կիրակի առաւօտ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ։

Հանդիսութեանց նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Ս. Պատարագը մատոյց Հաթայի շրջակայից հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Բրկ. Արտա Կսրկ. Փընարճը, Բրկ. Առէն Ուր. Դպիր Քուշ։

Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ.ի եւ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպիր Պաղտասարեանի առաջնորդութեամբ եկեղեւոյ դպիրներ՝ Եուսուֆ Թապաշի եւ Միսաք Հերկէլի կողմէ։

Համավարակի պատճառաւ այս տարի հեռաւոր վայրերէ ուխտաւորներ չէին ժամանած, կային միայն Հաթայ նահանգի զանազան շրջաններէն հայորդիներ, ինչպէս նաեւ Ատանայէն եւ Մերսինէն արենակիցներ։ Ասով հանդերձ լեցուն էր փոքրիկ աղօթատունն ու բակը։

Ի ժամ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բացատրեց օրուան տօնի նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Մեր հոգեւոր պետը ըսաւ. «Անատոլուի հայկական մշակոյթը կը ջանանք վառ պահել մեր երկրի միակ հայ գիւղի՝ Վագըֆի մէջ։ Այս գողտրիկ գիւղէն տարածուած խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամը կը մաղթեմ որ տարածուի ողջ երկրի ու աշխարհի տարածքին։ Կը փափաքիմ, որ համավարակի այս շրջանին ըլլանք աւելի ուշադիր, աւելի զգօն, եւ առաւել եւս անդրադառնանք մեր տէր եղած արժէքներուն կարեւորութեան։ Համավարակը առիթ եղաւ, որ աւելի լաւ հասկնանք մեր նախապէս եւս զգացած աշխարհի հոգերը։ Աղօթենք, որ Աստուած իր օրհնութիւնները տեղացնէ մեր վրայ։ Մեր տուներու սեղաններէն անպակաս ըլլան անոր շնորհքները։ Այս շրջանին մեր հարեւաններուն ու բարեկամներուն հետ բաժնենք Աստուծոյ մեզի շնորհած ամէն ինչը, որպէսզի մեր տան հացին վրայէն ու մեր սեղանէն անպակաս ըլլայ Աստուծոյ օրհնութիւնը»։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզի աւարտին լանջախաչ մը նուիրեց Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայ Հօր եւ ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց գիւղի եկեղեցւոյ Բրկ. Միսաք Դպիր Հերկէլին, ի վարձ իր ծառայութեան։

Գրեթէ բոլոր ներկաներ Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։

HATAY KHAGHOGH

Ս. Պատարագի աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր նախագահեց առաջ Խաղողօրհնէքի եւ ապա աւանդական Հերիսաօրհնէքի արարողութիւններուն։ Հանգստեան աղօթքով յիշուեցան Մուսա Լերան գիւղերու համայն հանգուցեալ բնակիչները։

HATAY HARISA 2

Ապա ներկաներ ստացան մինչեւ առտու եփող հերիսայէն իրենց բաժինները։

HATAY KAPAK

Եկեղեցական հանդիսութեանց աւարտին, տեղւոյն սրահին մէջ Նորին Ամենապատուութեան այցելութիւն մը տուին Սամանտաղի գաւառապետ Մուրատ Քիւթիւք, Իսլահիյէի Քաղաքապետ Քէմալ Վուրալ, Սամանտաղի Զինուորական հրամանատար Հարիւրապետ Էօմէր Քարթէրէր, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին դէպի Մուսա Լեռ կատարած հովուապետական այցելութեան համար։