ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՖԱՐՍԱՔՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

mustafa farsakogluԿղզեաց քաղաքապետ Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլու, 27 Մարտ 2014, Հինգշաբթի, ժամը 15.00ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մուսթափա Ֆարսաքօղլուն, աւարտելով իր պաշտօնավարութեան շրջանը, փափաքած էր հրաժեշտի այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։ Ֆարսաքօղլուն յայնեց թէ իր պաշտօնավարութեան շրջանին ուրախութեամբ ծառայած էր Կղզեաց ժողովուրդին ինչպէս նաեւ Կղզեաց Հայ Համայքի անդամներուն ու քաղցր յիշատակներով կը բոլորէր այս շրջանը։ Ան, յիշելով Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր ցաւը յայտնեց Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառաւ։ Այս առթիւ, Ֆարսաքօղլուն նուիրեց շրջանակ մը, որուն մէջ կը գտնուէր Պատրիարք Հօր նկարը։

Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրուած նկարին համար, ինչպէս նաեւ Ֆարսաքօղլուի բերած ծառայութեան համար ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն։