ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

LOGO

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առողջական հարցերու կապակցութեամբ համացանցի վրայ կարգ մը լսումներու հրապարակման կապակցութեամբ, ստորեւ կը տրուի Պատրիարքական Աթոռի լուսաբանութիւնը։

Գերապատիւ Հայր Սուրբը, որուն անհանգստութեան դարմանումը կը շարունակուի, բուժման համար շրջան առ շրջան կը գտնուի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մեր բժիշկներու քննութեանց եւ խնամքին ներքեւ։ Բուժման ընթացքին գործածութիւնը անհրաժեշտ նկատուած դեղօրայքի արտասահմանէն մատակարարումը կը կատարուի գլխաւորութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի, մեր համայնքային մարմիններու եւ բարերարներու միասնական ներդրումով։ Դեղերու կիրարկումով եւ Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ Հայր Սուրբի առողջացումը։

Հայր Սուրբի առողջական վիճակի մասին զարգացումները, Ազգային Հիւանդանոցի մասնագէտներու ցուցմունքներուն եւ հիւանդի ու անհատի իրաւունքներու շրջագծին մէջ մնալով պիտի յայտարարուին Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ առ ի լուսաբանութիւն մեր ժողովրդեան։ Կը խնդրուի խուսափիլ անհատական յայտարարութիւններէ, որոնք կարող են շահարկումներու եւ չարաշահումներու դուռ բանալ այդ նիւթին շուրջ:

Եկէ՛ք, սիրելի Թաթուլ Հայր Սուրբին համար մեր բժշկութեան աղօթքները ուղղենք ամենազօր Աստուծոյ։ Աստուած բժշկութիւն պարգեւէ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ