ՅՈՅՆԵՐՆ ՈՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ ԵՒՍ ՏՕՆԵՑԻՆ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ինչպէս ծանօթ է, Յոյն եւ Ասորի եկեղեցիները Ս. Յարութեան Տաղաւարը կը տօնեն ըստ հին տոմարի։ Յուլեան տոմարի Ս. Զատիկը այս տարի կը զուգադիպէր 5 Մայիս 2013, Կիրակի օրուան։ Ըստ աւանդութեան՝ Յոյն Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Ս. Պատարագի եւ երեկոյեան ժամերգութեանց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայ Եկեղեցին։

Այս տարի եւս Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրով մեր Պատրիարքութեան կողմէ նշանակուած սարկաւագներ, հայերէնով Ս. Աւետարան կարդացին։ Այսպէս՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան Ֆէնէրի Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի, Բրշ. Վարդգէս Սրկ. Փէստիլճեան Մեծ Կղզիի, Բրկ. Գամէր Ուր. Դպ. Գարաթայլը Հէյպէլի Կղզիի, Բրկ. Վարդան Ուր. Դպ. Մագսուտեան Գատըգիւղի, Բրշ. Սայաթ Սրկ. Չընարեան Քուրթուլուշի, Բրկ. Կարօ Ուր. Դպ. Սեղբոսեան Պիւյիւքտերէյի, Բրկ. Այգ Կսրկ. Միւրզօղլու Պօյաճըգիւղի եկեղեցիներուն մէջ կարդացին Ս. Աւետարանը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ շնորհաւորեցին տեղւոյն հանդիսապետ մետրոպոլիտները։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան եւ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան նոյն օրը, յետ միջօրէին շնորհաւորական այցելութիւն տուին  քաղաքիս Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտին եւ իր անձին մէջ շնորհաւորեցին քաղաքիս Ասորի համայնքին Ս. Յարութեան Տօնը։