ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ 50 ԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

10441833624301019_10155302051427842_508517620124561410_nԿաթոլիկ Եկեղեցւոյ Երանաշնորհ Հոգեւոր Պետ՝ Ն.Ս. Պօղոս Զ. Պապն ու Յունաց Երանաշնորհ Աթենակորաս Ծայրագոյն Պատրիարքը, աւելի քան 50 տարի առաջ իրենց պատմական հանդիպումովը միջեկեղեցական հսկայ քայլ մը նետած էին։ Պատմական այս հանդիպումով, երկու հոգեւոր պետեր ողջագուրուեցան, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ ի Քրիստոս եղբայրութիւնը շեշտուեցաւ ու աւելի քան 1000 տարուան բանադրութիւնները փոխադարձ համաձայնութեամբ վերցուեցաւ։ Իսկ, բարւոք յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդուեցան 50 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ կատարուած միջեկեղեցական հանդիպումներով։ Այս պատմական հանդիպման 50-ամեակը նշուեցաւ 28 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի երեկոյեան, Իտալական Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։ 50-ամեակի յոբելենական հանդիսութեան ներկայ էր Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Յանուն Ն.Ս. Ֆրանսիսկոս Սրբազան Պապի մասնակցելու համար Պոլիս ժամանած է նաեւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն Կարտինալ Քուրթ Քոխ, որ հանդիսութեան առթիւ ընթերցեց ուղերձ մը։ Բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ միջեկեղեցական դեմքերու շարքին, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ընդունելութեան մասնակցեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ ու Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Յարաբերութեանց Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Նորին Սրբազնութիւնը, փոխանցեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։

ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

  • 24294281_10155302051502842_6137254767792184309_n
  • 24129659_10155302054082842_5254500121159435292_n
  • 24058869_10155302053352842_2281907643876077166_n
  • 24232920_10155302052742842_2877831703389658691_n