ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ՏԻԿԻՆ ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ

Kategori: Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր
Այսու կու գանք հաղորդել թէ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, գնահատելով հանրածանօթ բարերար եւ համայնքային գործիչ՝ Տիկին Մոնիք Երկանեանի բազմամեայ գործունէութիւնը, որոշած են, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ իրեն շնորհել Պատրիարքական Աթոռի «Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի Ոսկեայ Շքանշան»ը։
 
Շքանշանի յանձնումը տեղի պիտի ունենայ 11 Դեկտեմբեր 2016, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, ի ժամ Ս. Պատարագի, Օրհնութեան Գրի ընթերցմամբ։
 
Համայնքային, թաղային մարմիններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչները, բարեպաշտ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը սիրով կը հրաւիրուին մասնակցելու հոգեպարար արարողութեանց եւ ներկայ ըլլալու պարգեւատրման։
 
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ