ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային
12744405_539968499496371_6189829808207329787_nՊոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարք այս տարի եւս յիշատակուեցաւ իր վախճանման տարեդարձի առթիւ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 13 Փետրուար 2016 Շաբաթ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Արարողութեանց ներկայ եղան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ երէց՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ Բրկ. Գարեգին Ուր. Դպ. Աւետիքեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու կողմէ։
 
Յաւարտ Ս. Պատարագի թափօր կազմուեցաւ դէպի Ս. Ամենափրկիչ մատուռը, ուր կը հանգչին Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի եւ Գրիգոր Կեսարացի Պատրիարքներու աճիւնները։ Կատարուեցաւ պաշտօն Երանաշնորհ հովուապետներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Յետ արարողութեանց, Ղալաթիոյ Խնամակալութեան կողմէ սարքուեցաւ հոգեճաշ Եկեղեցւոյ Կոլոտ Պատրիարք Սրահին մէջ։
12717180_539968496163038_5403158204832808732_n