ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

golodՊոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարք, 13 Փետրուար 2014 Հինգշաբթի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութիւններով յիշատակուեցաւ, հանդիսապետութեամբ՝ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Արարողութեանց ներկայ եղան Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդի անդամներ։

Կատարուած ժամերգութեաններէն յետոյ, հանդիսապետ Հայր Սուրբը աւուր պատշաճի քարոզեց «Ի նեղութեան իմում աղաղակեցի առ Աստուած իմ» (Յովնան 2.3) բնաբանով։ Ընդգծեց թէ առկայ հարցերու լուծում որոնելէ առաջ, կարեւոր էր Աստուծոյ ապաւինիլ։ Մարդիկ նման պարագաներուն յաճախ կը ձախողէին, որովհետեւ անոնք հարցերը կը փորձէին լուծել իրենց միջոցներով։ Բացատրեց Առաջաւորաց Պահքի կարեւորութիւնը եւ յիշեցուց թէ այս Պահքը առիթ մըն էր հաւաքական սխալներու մասին մտածելու եւ ապաշխարելու, նման Նինուէի Ժողովուրդին, որ լաւագոյն օրինակը եղած էր Աստուածճանաչողութեամբ մաքրուելու եւ փրկուելու։ Անդրադարձաւ նաեւ երանաշնորհ Կոլոտ Պատրիարքի կեանքին եւ գործին կարեւորութեան, որով Հայ Եկեղեցին առաջնորդուած էր դէպի հոգեւոր ու մշակութային վերազարթօնք։ Մաղթեց որ համայնքի անդամներ նման առիթներով, աւելի շատ կարեւորութիւն ընծայեն իր յիշատակին։

Յաւարտ քարոզի թափօր կազմուեցաւ դէպի Ս. Ամենափրկիչ մատուռը, ուր Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի շիրմին վրայ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Յետ արարողութեանց, Ղալաթիոյ Խնամակալութեան կողմէ սարքուեցաւ հոգեճաշ Եկեղեցւոյ Կոլոտ Պատրիարք Սրահին մէջ։