ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԶԱՏԿԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

13235646_577490345744186_1539074032223350563_oՍ. Զատկի տօնին առիթով, 13 Մայիս 2016, Ուրբաթ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Յունաց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի կողմէ։

Արամ Արքեպս. բարեմաղթական խօսքերուն աւարտին, յանձին Նորին Սրբութեան շնորհաւորեց Յոյն համայնքի Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Նորին Սրբութիւնը փոխադարձ բարեմաղթութիւններով շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար։