ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Narlıkapı

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Հոկտեմբեր 2020, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Երէց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի։

Թաղային Խորհուրդի անդամները Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց անուան տօնախմբութեան, որ պիտի կայանայ 18 Հոկտեմբեր 2020 Կիրակի։ Անոնք Պատրիարք Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ իրենց գործունէութեանց մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը լսեց հիւրերուն փոխանցած տեղեկութիւնները։ Յայտնեց թէ՝ Քորոնա Համավարակի պատճառաւ այս տարուայ տօնախմբութիւնները նախկին փայլով պիտի չըլլային, սակայն նորէն ալ ուրախառիթ էր հոգեւոր արարողութեան մակարդակով տօնախմբութեանց կատարումը։ Այս առիթով յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։