ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Երէց՝ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի 24 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի ժամը՝ 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց անուան տօնախմբութեան, որ պիտի կայանայ 20 Հոկտեմբեր 2019 Կիրակի։

 

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ իրենց գործունէութեանց մասին։

NARLIKAPI 2019

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։