ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

narlikapiՆառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեանի, 4 Հոկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 20 Հոկտեմբեր 2013, Կիրակի, պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը։ Այս առթիւ պիտի մատուցուի Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։  Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ փափաք յայտնեցին որ Նորին Սրբազնութիւնը հանդիսապետէ օրուան հանդիսութեան։ Նաեւ տեղեկութիւն տուին իրենց աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը գոհունակութիւնը յայտնեց համայնքի հոգեւոր կեդրոնին տրուած այցելութեան համար ու սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։