ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12119075_498922083601013_3917283284478584826_nՆառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի, 7 Հոկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 18 Հոկտեմբեր 2014, Կիրակի, պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը։ Այս առթիւ պիտի մատուցուի Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին իրենց աշխատութեանց մասին։

Արամ Արքեպս., կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։