ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

22255056_840496619443556_9184787425311480879_oՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 6 Հոկտեմբեր 2017, Ուրբաթ, միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի։
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 22 Հոկտեմբեր 2017, Կիրակի, պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը։ Այս առթիւ պիտի մատուցուի Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին իրենց աշխատութեանց մասին։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։