ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒՄԸ ՔԱՋԵԼԵՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ ՄԵԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Աշխարհական

bagis (2)bagis (3)Պաքըրգիւղի Քաղաքապետութեան ու «Hayata Bağış » Միութեան կազմակերպութեամբ, 14 Ապրիլ 2016, Հինգշաբթի, Պաքըրգիւղի Եունուս Էմրէ Մշակոյթի Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որուն նպատակն էր քաջալերել «Ներքին Գործարաններու Նուիրաբերման» գաղափարը։

«Կրօնքներու Հասարակաց Եզրը՝ Մարդու կեանք եւ Ներքին Գործարաններու Նուիրաբերման» կապակցութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Հանդիսութեան ներկայ եղան ու սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Պաքըրգիւղի Քաղաքապետ Տքթ. Պիւլէնտ Քէրիմօղլու, Ստանպուլի Կրօնից Տեսուչ՝ Փրօֆ. Տքթ. Րահմի Եարար, Յունաց Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Փրօֆ. Տքթ. Մետրոպոլիտ Էլփիտոֆորոս Լամպրինիատիս, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտը եւ Հրէից Րաբունապետ Ռավ Իզհաք Հալէվա։

dr. bülent kerimoğlu 01bagis (1)Հոգեւոր առաջնորդներ, իրենց արտայայտութիւններով քաջալերեցին ներքին գործարաններու նուիրաբերման կարեւորութիւնը։ Իր սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Արքեպիսկոպոս., գնահատեց սոյն հանդիսութեան կազմակերպիչները եւ ըսաւ. «Սոյն հանդէսը կը խօսէր մարդոց սրտերուն ու խղճերուն։ Մարդիկ երբ տակաւին ի կեանս են իրենց ազատ կամքով կատարած նուիրաբերումով կրնան առիթ ընծայել, կոյրի մը տեսողութիւն, հիւանդի մը բժշկութիւն։ Կը քաջալերենք ներքին գործարաններու նուիրաբերումը եւ կը գտնահատենք նուիրաբերողները։ Յիսուս Քրիստոսի խօսքին համաձայն, մարդոց իրարու կեանք շնորհելը, սիրոյ լաւագոյն արտայայտութեան ձեւն է։ Ով որ իր ներքին գործարանները կը նուիրաբերէ, ցոյց տուած կ՚ըլլայ նաեւ Աստուծոյ նկատմամբ իր սէրը»։