ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԿԱՊ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲԱԶՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ներքին Գործոց Նախարար Մեծայարգ Սիւլէյման Սօյլու, 30 Ապրիլ 2018, Երկուշաբթի երեկոյեան ժամերուն կապ հաստատեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հետ։

 

Ան անդրադարձաւ այն անախորժ դէպքին, որ այս առաւօտ տեղի ունեցած էր Գատըգիւղի մէջ, ուր Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ հսկայ աղբաման մը տապալած էր եւ կողքի պատին վրայ կը գտնուէին ազգայնապաշտ գրութիւն մը։

 

Մեծայարգ Նախարարը ըսաւ, թէ ցաւ զգացած էր պատահարէն։ Հակառակ որ արտասահման կը գտնուէր մօտէն հետաքրքրուած էր ու արդէն ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր ենթական, որ անհաւասարակշիռ անձ մըն էր եւ ունէր նաեւ մտային խանգարում։ Հետեւաբար, յայտնեց Ան, թէ ցաւ պիտի զգար եթէ այդ մէկը ոմանց կողմէ ընկալուէր իբրեւ քաղաքական պատահար։

 

Նախարարը մտերմութեամբ շեշտեց նաեւ, թէ ապահովութեան բոլոր միջոցները պատրաստ են միշտ անխտիր բոլոր հայրենակիցներուն խաղաղութեան համար ծառայելու։

 

Նախարար Սօյլու Նորին Սրբազնութեան միջոցաւ համայնքին անդամներուն հաղորդեց նաեւ իր լաւագոյն մաղթանքները։

 

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած սոյն ջերմ վերաբերմունքին համար եւ մատնանշեց պետութեան դրական մերձեցումները։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց պետական աւագանիին իրենց գործունէութեանց մէջ։