ՆՈՐԱՁԵՌՆԱԴՐԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆ ԼՐԱՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր

Pasta TsernatrutyunՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի վերջին ձեռնասունները՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, 22 Յունուար 2015, ժամը 16.00-ին այցելեցին Սրբազան Հայրը։

Ձեռնադրութեան առաջին տարիին լրման առթիւ անոնք փափաքած էին համեստ թէյասեղանով մը տօնել այս հանգրուանը։ Սոյն ընդունելութեան ներկայ եղան իրենց խարտավիլակները՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան։

Այս առթիւ Սրբազան Հայրը ու երեք հոգեւորականներ միասնաբար կտրեցին տարեդարձի կարկանդակը։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց երիտասարդ հոգեւորականները, մաղթեց արգասաւոր ծառայութիւն, կարողութիւն եւ հաստատութիւն իրենց սուրբ առաքելութեան մէջ։ Ներկաներ եւս յղեցին իրենց խնդակցութիւնները ու բարեմաղթութիւնները։