ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ՏՕՆՈՒԵՑԱՒ Ս. ԽԱՉ (ԴՊՐԵՎԱՆՔ) ԼԻՍԷԻ 52ԱՄԵԱԿԸ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՏՐՑ. ՍԵՒԱՆ ՃԻՒԱՆԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Սկիւտարի Ս. Խաչ Լիսէի (Դպրեվանք) հիմնադրութեան52րդ տարեդարձին առթիւ 3 Ապրիլ Նոր Կիրակիառաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարիմէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ եւհոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա սարքուեցաւ սիրոյսեղան եկեղեցւոյ յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանսրահին մէջ։ Հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեանցնախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։

Նոր Կիրակիի առթիւ Ս. Պատարագը մատոյց եւքարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ ի ժամ Ս.Պատարագի սարկաւագ ձեռնադրեց Ս. ԱթոռոյսԺառանգաւորներէն Բրկ. Տրց. Սեւան Ճիւանեանկիսասարկաւագը։

Հոգեւոր Տէրը Ս. Պատարագի առաջին մասինսարկաւագութեան կարգին կոչեց Տրց. ՍեւանԿիսասարկաւագը։ Աղօթքներու աւարտին ընծայեալըկարդաց իր ուխտը, ապա Պատրիարք Հայրըսարկաւագ ձեռնադրեց ընծայեալը,խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ.Անուշեանի։

Ողջոյնէն առաջ Պատրիարք Հայրը սարկաւագութեանուրարը շնորհեց Բրշ. Սեւան Սարկաւագին, ապատուաւ իրեն Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աւետարան կարդալու եւխնկարկելու իրաւունքները։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզին մէջանդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, ըսելով որ ՆորԿիրակին Յարութեան յոյսով նո՛ր մարդ դառնալուգաղափարը կը պատգամէ մեզի։ Նոր Կիրակինմիաժամանակ հրաւէր մըն է բոլորիս նմանելուՅարուցեալ Փրկչին վկայող առաքեալներուն, որոնքՔրիստոսի Յարութենէն ետք իրենց կեանքի գինովքաջութեամբ խօսած էին իրենց հաւատքին մասին։

Իր քարոզին երկրորդ բաժնին մէջ Պատրիարք Հայրըանդրադարձաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի պատմութեան եւյիշեցուց, որ Պոլսոյ Պատրիարքութեան առաջինդպրեվանքը հիմնուած էր Յովհաննէս Թ. ԲաղիշեցիԿոլոտ Պատրիարքի կողմէ՝ Սկիւտարի բարձունքինվրայ, յետոյ Խորէն Պատրիարք Աշըքեանի կողմէ՝Արմաշի մէջ եւ ապա Գարեգին ՊատրիարքԽաչատուրեանի կողմէ՝ կրկին Սկիւտարի։ ՊատրիարքՀայրը յիշեցուց, որ Դպրեվանքը հաւատարիմ մնացած էիր առաքելութեան եւ մօտաւորապէս 290 տարիներէ իվեր հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ հայսերունդներու։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա վեր առաւ նորոգվախճանեալ Երանաշնորհ Յովհաննէս Պօղոս ԲՍրբազան Պապի կեանքը, ծառայութիւնը եւտեսլականը ընդգծելով, որ Երանաշնորհ Պապըանանձնական սէր ու հաւատք ունէր Աստուծոյնկատմամբ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սբ.Աւետարանին ամենահռչակաւոր քարոզիչն էր,միջազգային խաղաղութեան, Քրիստոնեաներու եւ այլկրօններու հետեւորդներուն միջեւ երկխօսութեան եւհաշտութեան մերօրեայ առաքեալը` եւ մանաւանդ մերժամանակներու բարոյականութեան եւ արդարութեանանվհատ ձայնը եղած էր։ Նորին Ամենապատուութիւնըայս առթիւ Երանաշնորհ Քահանայապետը կոչեց §ՀայԵկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ»։

Հուսկ ապա, մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ օրուան ձեռնադրութեան եւ յիշեցուց, որ Նոր Կիրակին,Դպրեվանքի գաղափարը եւ ձեռնադրութեան իմաստները իրար ընդելուզուած էին։ Ն.Ա. հրաւէրուղղեց քաջաբար տէր դառնալու մեր արժէքներուն եւզարգացնելու զանոնք։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօնհանգուցեալ վանահայրերուն, բարերարներուն եւ նորոգվախճանեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի հոգիներունհամար։

  • 8