ՇԻՇԼԻԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Շիշլիի Մարմնամարզական Ընկերութեան վարչութենէն Ատենապետ՝ Ալէն Թէքպըչաք եւ Զարեհ Գարագաշ, 18 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։

 

Այցելուները եկած էին Շիշլիի Մարզական Ակումբի հարցերուն ու պիւտճէի բացի մասին տեղեկութիւն տալու, այս հարցով համայնքին դիմելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցելու իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

2020 SISLI SPOR KULUBU 2

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։