ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

sarigulՇիշլիի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, իր հետ ունենալով փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարընը, 2 Մայիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին, Ս. Զատկի շնորհաւորական այցի փութաց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

sarigul 2Սարըկիւլ, յանձին Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորեց Հայ համայնքի Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Ան յիշեցուց թէ, այս տարուայ զատկական ընդունելութեան չէր կրցած մասնակցիլ եւ այս պատճառաւ փափաքած էր անձնապէս այցելել Պատրիարքարան։ Ան, այս տարի եւս հայաշատ Շիշլի թաղի մէջ տեսած էր Քրիստոնեաներու կարեւորագոյն տօնին ուրախութիւնը։ Անգամ մը եւս յիշեցուց թէ այս տօնակատարութիւնները հարստութիւններ էին մեր բոլորին համար եւ պէտք է պահպանուէին։ Ինք, անգամ մը եւս յիշեցուց, իր ունեցած սէրն ու յարգանքը թաղեցի ժողովուրդին նկատմամբ, առանց որեւէ խտրութեան։ Այս մերձեցումն էր, որ իրեն ժողովուրդի ծառայելու ոյժ ու կարողութիւնը կու տար։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ եղած զրոյցի ընթացքին, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս անգամ մը եւս յիշեց Մուսթաֆա Սարըկիւլի օրինակելի կեցուածքը, որ ամէն առթիւ երբ օժանդակութեան խնդրանքով կը դիմուի, մեծայարգ քաղաքապետը իր կարելին ի գործ կը դնէ, որպէսզի օգտակար ըլլայ։  Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Մուսթաֆա Սարըկիւլի եւ Վազգէն Պարընի իրենց քաղաքավարական այցելութեան համար։