ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

12923323_563422403817647_1516062141380200645_nՇիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, իր հետ ունենալով նորանշանակ խորհրդական՝ Սիրան Սուրքին, 6 Ապրիլ 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Ս. Զատկի շնորհաւորական այցի փութաց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։

Ինէօնիւ, յանձին Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորեց Հայ համայնքի Ս. Յարութեան տաղաւարը։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրի Ինէօնիւին իր քաղաքավարական այցելութեան համար։ Այս առթիւ յաջողութիւն մաղթեց նաեւ նորանշանակ խորհրդական Սիրան Սուրքիին, իր նոր պաշտօնին մէջ։