ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

mustafa sarigulՇիշլիի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, 15 Յունուար 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 12.00-ին քաղաքավարական այց մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան կը մասնակցէին Քաղաքապետի Փոխանորդ Վազգէն Պարըն, օգնականն ու որդին։

Այցելութեան ընթացքին Շիշլիի Քաղաքապետը յայտնեց, որ այս տարի չէ կրցած մասնակցիլ Ս. Ծննդեան աւանդական ընդունելութեան եւ այս այցելութեամբ եկած է շնորհաւորել Ս. Ծննդեան Տաղաւարը։

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Քաղաքապետ Սարըկիւլին, իր այցելութեան համար, ապա տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց։