ՇԻՇԼԻ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

IMG_2530Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 6 Սեպտեմբեր, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Շիշլի Մարմնակրթականի Միութեան ներկայացուցիչները՝ Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաքճըն, Նաժտա Շատեանն ու Փարոս Ամսաթերթի Խմբագրապետուհի Մայտա Սարիսը։

Այցելուները միութեան աշխատութիւններուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տուին Տեղապահ Սրբազան Հօր։ Յայտնեցին թէ միութիւնը բացի մարմնակրթական աշխատութիւններէ, կը մշակէ նաեւ մշակութային եւ արուեստասիրական միջոցառումներ։ Այնուհետեւ տեղեկութիւն տուին Միութեան եւ Քատիր Հաս Համալսարանի համատեղ գործակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն կատարելի ցուցահանդէսի մասին։ Համալսարանի Ռէզան Հաս Թանգարանին մէջ, 21 Սեպտեմբեր 2017, Հինգշաբթի, Գոց Շուկայի վարպետներու հետքերով խորագրեալ ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ։ Այցելուները Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեանց։

Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը, մեծաւ ուրախութեամբ ողջունեց միութեան նախաձեռնութեամբ կատարելի սոյն հանդիսութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն։ Այնուհետեւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց Շիշլի Մարմնակրթական Միութեան անդամներուն եւ կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։