ՇԻՇԼԻ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

11039819_444701235689765_2705212819415806511_oՇիշլի Մարմնակրթական Միութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ալէն Թէքպըչաքի, 12 Մայիս 2015, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, տեղեկացուցին թէ, 30 Մայիս 2015, Շաբաթ, տեղի պիտի ունենար «Նորածագում» անունին ներքեւ սիրոյ սեղան մը։ Այս առթիւ կազմուած էր կարգադիր յանձնախումբ մը՝ Նատիա Շատեանի գլխաւորութեամբ։ Ներկաներ առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու միութեան այժմու նպատակին, որ է մարմնամարզական կեանքէ ներս կրթեալ երիտասարդներ հասցնել։

Նորին Սրբազնութիւնը, գնահատեց միութեան աշխատանքները, մասնաւորաբար թելադրեց վառ պահել մեր համայնքի այս պատմական միութիւնը, հաւատարիմ մնալով անոր մարմնակրթական առաքելութեան։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Շիշլի Մարմնակրթական Միութեան բոլոր անդամներուն։