ՇՆՈՐԱՀԱՆԴԷՍ «ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ» ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

22852129_850342615125623_834597942443361275_nԳատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ 27 Հոկտեմբեր 2017, Ուրբաթ, ժամը 20.30-ին, Արամեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռոյս Քահանայից Դասու երիցագոյն անդամներէն՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի գրի առած «Յուշամատեան Գատըգիւղի» աշխատասիրութեան շնորահանդէսը։ Երեկոյթին մասնակցեցան Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր եւ մշակութասէր հասարակութիւնը։

22815521_850342668458951_5972511689020872204_nՀանդիսութիւնը սկսաւ Նաժտա Տէմիրճիօղլուի բացման խօսքով, որմէ յետոյ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբը, Սեւան Շէնճանի մականին ներքեւ ու Արտէն Գարիպեանի երգեհոնահարութեամբ երգեց «Հայրապետական Մաղթերգ»ը։ Յանուն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին արտայայտուեցաւ՝ Ատենապետ Արման Պիւքիւճեան ու երախտագիտական ջերմ զգացումներով ողջունեց Գատըգիւղի անցեալը ներկայացնող հսկայ աշխատութիւնը։ Իր խօսքերուն մէջ յայտնեց թէ՝ բախտ ու պատիւ էր նման հրատարակութեան յաջողութեամբ աւարտումը։ Ապա, ներկաներ վայելեցին հակիրճ թատրերգութիւն մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր թէ՝ ինչպէս ծնունդ առած էր յուշամատեանի մը հրատարակութեան գաղափարը։ Ներկայացումէն յետոյ Նաժտա Տէմիրճիրօղլու, յուշամատեանէ նկարներ ցուցադրելով ներկայացուց իւրաքանչիւր հատորի պարունակութիւնը։ Այսպէս տեսանելի դարձան Գատիգիւղի ընդհանուր գիծերով անցեալը եւ մօտաւորապէս երեքհարիւր տարուայ եկեղեցւոյ շուրջ կազմակերպուած համայնքային կեանքը։ Ներկայացման ընթացքին, ներկաներ երբ իրազեկ դարձան թէ՝ Կոմիտաս Վարդապետ, իր վերջին աղօթքը Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ կատարած էր, երգչախումբի կողմէ լսելի դարձաւ Կոմիտասեան Տէր Ողորմեան։ Մանրամասն ծանօթութեանց աւարտին, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան բեմ բարձրացաւ եւ յանուն Գատըգիւղի ժողովուրդին ողջունեց Տէր Հօր վիթխարի աշխատութիւնը։ Ի միջի այլոց ըսաւ. « Ձեր բազմակողմանի աշխատութեան առջեւ կը խոնարհինք սիրեցեալ Տէր Հայր։ Յանուն Գատըգիւղահայութեան մեր երախտիքը կը յայտնենք Ձեզ։ Իսկ, հուսկ Ձեր հիացած հոգեւորականներէն՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի խօսքը կ՚ուզեմ յիշել. «Կը պարծենա՞ք Դուք ձեր Հայութեամբ եւ Քրիստոնէութեամբ։ Նորոգեցէ՛ք ուրեմն ձեր նախնիներուն յիշատակը»։ Դուք, ձեր աշխատութեամբ նորոգեցիք մեր նախնիներու թողած՝ Գատըգիւղը, հանդերձ իրենց յիշատակներով, բան մը որ ապացոյցն է թէ՝ դուք հաւատարիմ զաւակն էք Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ բանիմաց սպասաւորը՝ Հայ Մշակոյթին։ Օրհնեալ ըլլայ ձեր աշխատութիւնը»։ (https://www.facebook.com/141411412612796/videos/1502064526547471/)

22851933_850342691792282_3399397722813918209_nՀայր Սուրբի սրտի խօսքէն յետոյ Գատըգիւղի ընտանիքէն Ժամանակ Օրաթերթի աւագ խմբագիր Արա Գօչունեան, մեծարեալ Տէր Հօր հետ կենդանի զրոյց մը կատարեց՝ Գատըգիւղի Յուշամատեանին շուրջ։ Տէր Հայրը յայտնեց թէ՝ ինչպիսի դրութեամբ որոշած էր յուշամատեանը հինգ գիրքերուն բաժնել։ Այս առթիւ լսելի դարձաւ թէ յուշամատեաններու պատրաստութիւնը Պոլսահայութեան նշանաւոր աւանդութիւններէն մէկն էր անցեալին, բան մը որ՝ դէպի ապագայ կ՚ուղղէր թաղերու, եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ այլ հաստատութիւններու անցեալը։

22852078_850342711792280_5881179834443176602_nԶրոյցի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Տէր Հայրը ու երախտիքով յիշելով՝ Հանգստեան Կոչուած Տ. Մեսրոպ Պատրիարքը, ողջունեց իր բարոյական ներկայութիւնը։ Յիշեցուց թէ՝ Պատրիարք Հօր թելադրութեամբ գործնականապէս սկսած էր Գատըգիւղի մասին յուշամատեան մը պատրաստելու գաղափարը։ Տէր Հայրը յիշեց նաեւ թէ՝ իր Հոգեւոր ծնողը Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքը եւս յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր նման յուշամատեաններու պատրաստութեանց։ Շնորհակալութեամբ յիշեց բոլոր անձերը, որոնք այս աշխատութեան իրականացման մէջ ունեցած էին իրենց ներդրումը։ Գրքի առաջին օրինակը մատուցուած էր Պատրիարքական Աթոռ, առ ի երախտագիտութիւն հոգեւոր հովիւէն իր հոգեւոր կեդրոնին։ Յետոյ ուղարկուած էր մամուլին, քանի յուշամատեանի մը պատրաստութեան սեմին Հայ մամուլը օգտակար եղած էր պատմական դէպքերու լուսաբանման։ Յայտնեց թէ՝ իրեն համար մեծագոյն ուրախութիւնն էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կատարուած այցելութեամբ, սոյն աշխատութիւնը անձամբ նուիրել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ ստանալ Իր գնահատութիւնը։ Այս ճամբով, Մայր Աթոռոյ եւ Հայրապետի օրհնութիւնը կը միանար Գատըգիւղի Յուշամատեանին։

Ապա, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խուրհուրդի եւ Արամեան Սանուց Սիութեան վարչութեան ատենապետները յուշանուէրներ յանձնեցին Տէր Հօր։ Նախ քան հուսկ բանքը, Յարութիւն Աբղ. ուրախութեամբ յայտարարեց թէ՝ Ս. Թարգմանչաց Տօնի առթիւ եկեղեցւոյ կողմէ հրատարակուած էր իր գրի առած «Քառասնօրեայ Խոհեր» գիրքը ու շնորահանդէսի առիթէն օգտուելով փափաքած էր Տէր Հօր նուիրել գրքի առաջին օրինակներէն մին։

22886252_850342835125601_7052126830157631719_nՅուշանուէրներու յանձնումէն յետոյ Սահակ Սրբազան արտասանեց հուսկ բանքը։ Յանուն ներկայ հոգեւորականաց դասուն եւ հանդիսականներուն շնորհաւորեց Տէր Հայրը։ Յայտնեց թէ՝ եկեղեցւոյ համար երջանկութիւն էր նման աշխատութիւններ եւ ներկաներ գնահատանքով կ՚ողջունէին Տէր Հօր աշխատութիւնը։ Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Հայաբնակ թաղերը անցեալին հրդեհներու պատճառաւ շատ անգամներ վնասներ կրած են։ Եկեղեցիներ, վարժարաններ հրոյ ճարակ դարձած ու կրկին կառուցուած են։ Արդեօք ի՞նչ էր կեանքի կամքին հիմքը։ Պատասխանն է՝ Հայու հոգին։ Այս աշխատութեան մէջ կը յայտնուէր Հայու Հոգին, ստեղծելու կարողութիւններով ի մասնաւորի համայնքային կեանքի բնագաւարներէն ներս։ Այնուհետեւ կը մաղթեմ որ այս հոգին միշտ վառ մնայ համայնքէն ներս։ Եկէ՛ք այս պահուն պահ մը լռութեամբ յիշենք անցեալին այս թաղի համար ծառայած բոլոր անձերը ու յարգանքով խոնարհինք իրենց յիշատակներուն առջեւ»։ Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով եւ ներկաներ վարժարանի սեղանատան մէջ հիւրասիրուեցան Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Կազմի կողմէ։

  • 22852129_850342615125623_834597942443361275_n
  • 23031222_850342608458957_7095615915455553098_n
  • 22788871_850342611792290_1157364941131327311_n
  • 22815521_850342668458951_5972511689020872204_n
  • 22851933_850342691792282_3399397722813918209_n
  • 22852078_850342711792280_5881179834443176602_n
  • 22853407_850342678458950_6338245768627775429_n