ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Հանրապետութեան Տօնին առթիւ Ստանպուլի Հիլթըն Հիւրանոցի Սրահին մէջ 28 Հոկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի երեկոյ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցութիւն բերին Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ու Պատկ. Կրօն. Ժող. անդամ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որոնք Մեծայարգ Կուսակալ Ալի Երլիգայային ու Ստանպուլի Աւագանիին փոխանցեցին Աթոռոյս եւ համայնքիս շնորհաւորանքը։

 

Իսկ 29 Հոկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի առաւօտեան, Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ու Պատկ. Կրօն. Ժող. անդամ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ներկայացան Կուսակալութեան ու Հանրապետութեան Տօնին առթիւ շնորհաւորեցին Մեծայարգ Կուսակալ Ալի Երլիգայան։