ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

 

Ս. Յարութեան տօնին առիթով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ուղեկցութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի 11 Ապրիլ 2018, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Յունաց Պատրիարքին՝ Ֆանարի Պատրիարքարանին մէջ։

 

Նորին Սրբազնութիւնը, Նորին Սրբութեան անձին մէջ շնորհաւորեց Յոյն Համայնքի Ս. Յարութեան Տօնը։

2018 HUYNER ZADIG 1

Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ այս առթիւ լանջախաչ մը նուիրեց Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի։

2018 HAY KATOLIK ZADIG

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Իր շքախումբը ժամը 16.00-ին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին նաեւ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին ու Գեռապայծառ Տիրոջ անձին մէջ շնորհաւորեցին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ս. Յարութեան Տօնը։