ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով 1 Ապրիլ 2018, Կիրակի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

 

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան յանուն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր այցելեց Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քոռեպիսկոպոս՝ Արժ. Տ. Օրհան Քհնյ. Չանլըն ու շնորհաւորեց Ս. Զատկուան Տօնը։

 

Իսկ նոյն օր Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան այցելեց Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր կեդրոնը ու Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանին փոխանցեց Հայ Համայնքի շնորհանորութիւնները։