ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տեղեկատուական Բաժանմունքէն Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, ժամը 13.00-ին, այցելեցին քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղը,
Իսկ ժամը 14.00-ին՝ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտին, ու շնորհաւորեցին իրենց Ս. Ծննդեան տօնը։

suryani katolik

suryani kadim

Ապա խումբին միացաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները, ժամը 15.00-ին շնորհաւորութեան այցելութիւն տուին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին եւ առաջնորդուեցան Նորին Սրբութեան պաշտօնական սենեակը։ Այստեղ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք դիմաւորեց հիւրերը եւ բարի գալուստ մաղթեց իրենց։

Մօտ կէս ժամուան սիրալիր տեսակցութեան ընթացքին Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս յանուն անձին, Կրօնական Ժողովին ու Հայ համայնքին շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան ու Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։

Իսկ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք այցելութեանց եւ բարի մաղթանքներուն համար շնորհակալութեամբ արտայայտուեցաւ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ եղբայրական աւանդական այցելութիւնները կը շարունակուէին։

bartholomeos

Ապա, խումբը, ժամը 16.00-ին, այցելութիւն տուաւ Ստանպուլի Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին։

Այցելութեան ներկայ էին նաեւ Գերպ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Բրշ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքային հաստատութեանց վարչութեանց ներկայացուցիչներ։

Արամ Արքեպս., յանձին Գերապայծառ Տիրոջ շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ս. Ծննդեան Տօնը։ Իր կարգին Լեւոն Արքեպս. շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան։ Ծանօթացուց ներկայ վարչայինները, նաեւ մօտեն հետաքրքրուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակութեանց հետ։

hay katolik

Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, այցելեց Քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնը։

Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան այցելութիւն տուաւ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Լուի Փըլաթր Ս. Եպիսկոպոսին։

Քոյր եկեղեցիներու պետերու հասարակ մաղթանքը այն էր, որ դրացի երկիրներու մէջ տիրէր անդորրութիւնը եւ անգամ մը եւս շեշտեցին թէ կ՚աղօթեն վասն խաղաղութեան աշխարհի։ Շնորհաւորութեանց կողքին, հետաքրքրուեցան Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր առողջական վիճակով եւ ըսին, որ իրենք կը շարունակեն աղօթել իրեն համար։

Իսկ, 24 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի երեկոյեան Պատկառելլի Կրօնական Ժողովոյ ԱտենապետԳերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Բրկ. Պարէտ Կսրկ. Պալըքճեան այցելութիւն տուին Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցին եւ մասնակցեցան Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը, օրուան պատգամը տալէ յետոյ,  հրաւիրեց, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետը աւուր պատճաշի քարոզելու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Սխիթարեան Վարժարանի աշակերտներ, Մէլիքճեան Զամանի մականին ներքեւ Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի երգեր երգեցին։

mihitaryan