ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Միջեկեղեցական

15727160_687078231452063_4561335879039388130_nՍ. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2016, Կիրակի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, այցելեց քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղը։

Այցելութեան աւարտին, խումբին միացաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ այցելութիւն տրուեցաւ՝ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտին։

Ապա, խումբը, այցելութիւն տուաւ Ստանպուլի Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին։ Այցելութեան ներկայ էին նաեւ Գերպ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Գերպ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Բրշ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքային հաստատութեանց վարչութեանց ներկայացուցիչներ։

Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, այցելեց Քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնը։

Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան այցելութիւն տուաւ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոսին։

Արամ Արքեպս., 26 Դեկտեմբեր 2016, Երկուշաբթի, այցելեց, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին ու շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան ու Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։

Քոյր եկեղեցիներու պետերու հասարակ մաղթանքը այն էր, որ Թուրքիոյ եւ Իր դրացի երկիրներու մէջ տիրէր անդորրութիւնը եւ անգամ մը եւս շեշտեցին թէ կ՚աղօթեն վասն խաղաղութեան աշխարհի։

Իսկ, 24 Դեկտեմբեր 2016, Շաբաթ երեկոյեան Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Բրկ. Պարէտ Կսրկ. Պալըքճեան այցելութիւն տուին Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցին եւ մասնակցեցան Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը, օրուան պատգամը տալէ յետոյ, հրաւիրեց, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետը աւուր պատճաշի քարոզելու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Սխիթարեան Վարժարանի աշակերտներ, ներկայացան աւանդական Ս. Ծննդեան հանդիսութեամբ։15672787_687078234785396_1465103661862723479_n

15675734_687077621452124_6301647644940064589_o 15740742_687078104785409_2669378065044681503_n