ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Կարճ լուրեր,Միջեկեղեցական,Փաստաթուղթեր

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2017, Երկուշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, իր հետն ունենալով Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանն ու Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, Ժամը 14.30-ին այցելութիւն տուաւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Տեղապահ Սրբազանն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին եւ առաջնորդուեցան Յունաց Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, ուր իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։ Տօնական ընդունելութեանց մասնակցելու համար, Պատրիարքարան փութացած էին հոգեւորականներ ու դիւանագիտական դէմքեր։ Պատրիարքական Աթոռոյս պատուիրակութիւնը, ապա առաջնորդուեցաւ Նորին Սրբութեան պաշտօնական սենեակը։ Այստեղ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք դիմաւորեց հիւրերը եւ բարի գալուստ մաղթեց իրենց։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Ծննդեան արարողութեան մասնակցելու համար, Այիոնորոզի Վանքէն Ֆէնէր ժամանած՝ բարձրաստիճան եկեղեցական մը։

Մօտ կէս ժամուան տեսակցութեան ընթացքին, այցելուներ Նորին Սրբութեան անձին մէջ շնորահաւորեցին Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը նշեց թէ, Ամանորը մեր յոյսերը դարմացնելու համար լաւ առիթ է եւ ինք կը մաղթէ ամենայն բարիք իր ի Քրիստոս եղբայրներուն։ Իսկ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք ծանօթացուց հիւր հոգեւորականը եւ Այիոնորոզի Հոգեւոր կեանքի մասին տեղեկութիւններ տուաւ։ Յիշեցուց թէ վանքի հաստատման հազարամեակին առթիւ Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարքն ու Շահան Սրբազան Հայրը մասնակցած էին յոբելենական արարողութեանց։ Նորին Սրբութիւնը, այցելութեանց եւ բարի մաղթանքներուն համար շնորհակալութեամբ արտայայտուեցաւ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ եղբայրական աւանդական այցելութիւնները կը շարունակուէին քոյր Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ։

25660413_878877485605469_1069881768703042739_nՏեղապահ Սրբազան Հայրը, ժամը 15.30-ին, ընկերակցութեամբ՝ Յարութիւն Աբեղայի, այցելութիւն տուաւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտին։ Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի սրահին մէջ, որուն ներկայ էին Ասորի Համայնքէ անդամներ, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական դէմքեր։ Նորին Սրբազնութիւնը, Ս. Մետրոպոլիտի անձին մէջ շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ անդամները եւ բարեբեր Ս. Ծնունդ մաղթեց։ Ս. Մետրոպոլիտը, յատենի ներկաներուն ներկայացուց Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ յայտնեց թէ, ինք որպէս Պատրիարքական Աթոռոյ ամենաբարձր ներկայացուցիչը ներկայ կը գտնուէր սոյն ընդունելութեան։ Այս առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար ու փոխադարձ բարեմաղթութիւններ յղեց Տեղապահ Սրբազան Հօր։

25995011_878878018938749_6873020843091886185_n

25659548_878878095605408_3684757723170654409_n25592137_878878008938750_5647591311117537016_nԺամը, 16.30-ին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Սահակ Սրբազանի եւ Յարութիւն Աբեղայի, այցելութիւն տուաւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին։ Այցելութեան ներկայ էին նաեւ Գերպ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Գերպ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Բրշ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Հայ Կաթողիկէ համայքէ վարչային դէմքեր ու քաղաքական գործիչներ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, Լեւոն Գերապայծառի անձին մէջ շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի անդամները եւ մօտալուտ Ամանորին առթիւ իր բարեմաղթութիւնները յղեց։ Ներկաներ, շնորհակալութիւն յայտնեցին քաղաքավարական այցելութեան համար, յաջողութիւն մաղթեցին նաեւ Տեղապահ Սրբազան Հօր իր պաշտօնին մէջ։

Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի այցելութիւն տուաւ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոսին։ Սրբազան Հայրն ու Տէր Հայրը, Ռուբէն Ս. Եպիսկոպոսի անձին մէջ, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Տեղապահ Սրբազան Հօր, շնորհաւորեցին քաղաքի Լատին Կաթոլիկ համայնքի անդամները։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձան թէ՝ Պոլսոյ մէջ օրինակելի միջեկեղեցական յարաբերութիւններով, Տէրունի Տօներու ոգեւորութիւնը ալ աւելի կը շատնային։ Այնուհտեւ, փոխադարձ այցելութիւններով Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսն ալ, սկսած էր փոխանցուիլ։ Ռուբէն Ս. Եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար ու եղբայրական ողջոյնները ուղարկեց Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր։

26046987_878877838938767_3080524558543880564_n25659541_878877595605458_6734535486062536364_nՀոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, այցելեց Քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանը։ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, այցելեց քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Ապտուլահատ Չանլըին։ Անոնք, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր շնորհաւորեցին քոյր եկեղեցիներու Ս. Ծննդեան տօնը։ Քոյր եկեղեցիներու պետերու հասարակաց մաղթանքն էր, յիշել՝ խաղաղութեան կարիքը եւ այս ուղղութեամբ արժեւորել՝ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Տօնը։

Իսկ, 24 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի երեկոյեան Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Բրկ. Պարէտ Կսրկ. Պալըքճեան այցելութիւն տուին Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցին եւ մասնակցեցան Ս. Պատարագին։ Ս. Պատարագը մատոյց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան։ Այս առթիւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Թաթուլ Հայր Սուրբը եւ շնորհաւորեց ներկաները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի Սխիթարեան Վարժարանի աշակերտներ, ներկայացան աւանդական Ս. Ծննդեան հանդիսութեամբ։