ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ԻՍԼԱՄԱՑ ՇԷՅԽԸ ԵՂԲԱ՞ՅՐ ԵՆ

Kategori: Աշխարհական

278http://www.sabah.com.tr/2005/09/06/gnd110.html
6 Սեպտեմբեր 2005 թուակիր «Սապահ» օրաթերթին համաձայն, Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկ. Պէքճեան «Ենի Աքթիւէլ» պարբերաթերթին յայտնած է, թէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք ի մօրէ եղբայր է Թուրքիոյ սուննի մահմետականներու նախկին Տեսուչ՝ Լութֆի Տողանի։ Սրբազան Առաջնորդը ըսած է, թէ այս տեղեկութիւնը քաղած է նոյնինքն Երանաշնորհ Պատրիարքէն։

«Ենի Աքթիւէլ»ի թղթակիցը այս մասին կապ հաստատած Պատրիարքարանի Մամլոյ Բանբեր իրաւաբան Լուիզ Պաքարի հետ եւ տեղեկութիւն խնդրած խնդրի լուսաբանութեան համար։ Պատրիարքարանի Դիւանը պատասխանած է, թէ այս մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ Պատրիարքարանի մօտ։

«Սապահ» օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Լութֆի Տողան անունով երկու անձեր բազմած են սուննի մահմետականներու Տեսչի աթոռին վրայ։ 10-րդ Կրօնի Տեսուչ՝ Լութֆի Տողան ծնած է Կիւմիւշհանէի Քէլքիթգիւղին մէջ։ Իսկ 11-րդ Կրօնի Տեսուչ՝ Տքթ. Լութֆի Տողան ծնած է Քոնիայի Էրմէնէկ գաւառակին մէջ։ Միւս կողմէ յայտնի է, որ Երանաշնորհ Պատրիարքի ծննդավայրը Եոզղատի Իյտէ գիւղն էր։