ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԻ ԱՄՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային

12143346_530897193736835_2021438419214198480_nՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջելով, 21 Յունուար 2016, Երեքշաբթի, օդային ճամբով կը մեկնի ունեցաւ ԱՄՆի Լոս Անճելոս քաղաքը։

Տ. Յովնան Ս. Արքեպիսկոպոսի նախաձեռնութեամբ, Պատրիարքական Աթոռոյս Երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման 25ամեանկին առթիւ, կազմակերպուած են հոգեւոր եւ աշխարհիկ զանազան հանդիսութիւններ, որոնցմով պիտի յիշատակուի Արեւմտեան Թեմի երբեմնի Առաջնորդ եւ ապա Պատրիարքական Աթոռոյս գահակալ Տ. Շնորհք Ս. Արքեպս.ի գրական, եկեղեցական եւ հովուական վաստակը։

Արամ Արքեպիսկոպոս, այս առթիւ Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, 24 Յունուարին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ։ Արարողութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շնորհք Ս. Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի նաեւ 25ամեանկին առթիւ կատարելի հանդիսութիւններուն։

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, 28 Յունուար 2016, Հինգշաբթի պիտի վերադառնայ քաղաքս։