ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային
14047384_621952067964680_3861569825968667979_oԿազդուրման Կայանի 50-ամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս, 22 Օգոստոս 2016, Երկուշաբթի, Կայանի Գրիգոր Ճամպազեան Խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակութեան հանդէս մը, որ նուիրուած էր նոյնինքն Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ պատրիարքներէն Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի։ Հանդիսութեան նախագահեց՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Լեւոն Շատեան, Կայանի Խնամատար Մարմնի Ատենապետ Արթին Քիլէճի եւ Տնօրէն Թամար Նէրկիզ։ Հանդիսութեան հետեւեցան նաեւ Կայանի աշակերտներն ու կոկիկ թիւով ժողովուրդ մը։
 
14047180_621952427964644_3958549925854871208_oԲացման խօսքը արտասանեց Թամար Նէրկիզ եւ յանուն Կայանի երախտիգը յայտնեց Շնորհք Պատրիարքին, ըսելով. «Կայանս առ ի երախտագիտութիւն, տակաւին անցեալ շաբաթ մանկանց հանդիսութեան առիթով, յայտարարած էր թէ՝ Կայանիս Երգչախումբը կոչուած էր Շնորհքեան Մանկանց Երգչախումբ։ Իսկ այսօր, այս հանդսիութեամբ, որուն ուղղակիօրէն կեդրոնն է Շնորհք Պատրիարքը, պիտի ջանանք, յիշելու իր կենսագրականը, իր մէջ ունենալով հոգեւորականներէ եւ բարեկամներէ յիշողութիւններ։» Շնորհք Պատրիարքի համար դեղ դարձած էր Կազդուրման Կայանը եւ մանկութեան ցաւերը կը փարատէին Կայանի մանկանց ձայներով։ Այդ մանուկները, իրենց շատ սիրելի Շնորհք Պատրիարք Հայրիկը կը յիշէին յիշատակութեան այս երեկոյթով։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ, Բրկ. Հրանդ Ուր. Դպ. Չիզմէճեանի առաջնորդութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնահարութեամբ, Շնորհքեան Մանկանց Երգչախումբի անդամներու երգած «Հայրապետական Մաղթանք»ով։
 
Ապա, Շնորհք Պատրիարքի կեանքէն դրուաքներ, հոգեւորականներու, արուեստագէտերու, մտաւորականներու եւ գրչի մշակներու խօսքերը թատրերգութեամբ ներկայացուեցան։ Մեծաւ մասամբ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր ծննդեան 90-ամեակին առթիւ պատրաստուած յուշամատեանէ քաղուած յիշողութիւնները, մի առ մի կը կենդանացնէին Շնորհք Պատրիարքի յիշատակը։ Կը խօսէին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրաբազան Պատրիարք Հայրը, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Արա Գօչունեան, Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, Գէորգ Պ. Յակոբեան, Իգնա Սարըասլան, Անայիս Եալտըզճեան, Սիրվարդ Գարամանուկ եւ Սաթենիկ Ուսթա։ Տարբեր տարբեր դրուագներով կը ներկայացուէր Մանուկ Արշակը, Արշակ Սարկաւագը, Շնորհք Հայր Սուրբը եւ ապա Շնորհք Պատրիարքը։
14068127_621952564631297_5422577562128736939_n
Հանդէսը իր գագաթնակէտին հասաւ Արամ Կոստեանեանի գրի առած եւ Բրկ. Հրանդ Ուր. Դպ. Չիզմէճեանի ձայնաւորած «Փառաբանութիւն Տեառն» երգով։ Հրանդ Ուր. Դպ.ի մեներգութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնահարութեամբ, առաջին անգամ կը ներկայացուէր Շնորհք Պատրիարքին նուիրուած այս երգը։
 
Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Արամ Արքեպս., եւ յայտնեց թէ երրորդ անգամ Շնորհք Պատրիարքի նուիրուած հանդիսութեան մը ներկայ կը գտնուէր։ Այս հանդիսութեանց ամենէն իմաստալիցը կը դառնար Կազդուրման Կայանի կազմակերպութեամբ եղած հանդէսը, քանի որ Կայանի մանուկները բեմ կը բարձրանային իրենց մեծ հայրիկին համար։ Անդրադարձաւ Կայանի եւ Պատրիարքի յարաբերութեան ու յայտնեց թէ մանուկներու խաղալու ձայները, ներկայութիւնն է Երանաշնորհ Պատրիարքին։ Ան իր մանկութիւնը ցաւով անցուցած ըլլալով հանդերձ մխիթարութիւնը գտած էր ազգին զաւակներուն երջանկութեան մէջ։ Այնուհետեւ, շնորհաւորեց ձեռնարկին իրականացման հերոսները, գլխաւորութեամբ Արամ Կոստանեանին։
14047314_621952834631270_72612444753894485_o 14107691_621952481297972_8951732298636644195_o 14114897_621952857964601_3084086334838691981_o