ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՂԹԱՄԱՐ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին՝ 6 Սեպտեմբեր 2020, Կիրակի առաւօտ։

Անցեալ Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2020, միջօրէին սկսաւ սոյն ուխտագնացութիւնը, զոր գլխաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Արքեպս. Մաշալեան։

4 Սեպտեմբեր 2020, Ուրբաթ

Ժամը 15.30-ին Սրբազան Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի օդանաւով ճամբայ ելաւ դէպի Վան։

Մօտ երկու ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք, խումբը ժամը 17.30-ին հասաւ Վանի Ֆէրիտ Մէլէն օդակայանը, ուրկէ անցաւ հիւրանոց։

Իսկ Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ընկերակցութեամբ Ս. Պատարագի ընթացքին սպասարկելիք Քահանայ Հայրերու եւ Սարկաւագներու առաւօտ արդէն ժամանած էր Վան՝ հսկելու արարողութեան պատրաստութիւններուն: Խումբին մաս կը կազմէին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Բրշ. Սարկաւագներ Ռոպէր Քիւչիւքաքպուլութ, Էտվին Յարութիւն Կալիբեան, Արմենակ Գազանճեան, Բրկ. Կ. Սարկաւագներ Արտա Փնարճը, Ղազար Սապունճու, Գրիգոր Էրքան Կարապետեան, Դպիրներ Յովսէփ Գույումճուեան, Արթիւր Պաղտասարեան, Սէրճան Կազէրօղլու, Գրիգոր Թէրզեան նաեւ թէքնիք պատասխանատուներ Կարօ Պապաեան, Ռաֆֆի Էթյէմէզ եւ Դանիէլ Տինչէր։

5 Սեպտեմբեր 2020, Շաբաթ

Արարողութեան պատասխանատու անձնակազմը առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի, ուր կատարեց անհրաժեշտ պատրաստութիւնները, փոխադրուեցան նաեւ եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։

Կուսակալին պաշտօնական այց

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00-ին Կուսակալութեան պաշտօնարանին մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզին։ Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան:

VAN VALISI

Մեծայարգ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, շնորհաւորեց զինք Պատրիարք Ընրութեան առթիւ եւ կարողութիւն մաղթեց իր պաշտօնավարութեան մէջ։ Ան, ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս տարի կրկին առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։ Յարգելի Կուսակալը շեշտեց, թէ կարեւոր է, որ սոյն պատարագները անընդհատ շարունակուին։ Հետեւաբար, թէեւ առողջապահական առումով մթնոլորտը անյարմար էր, սակայն հաւատացեալներ հեռակայ դրութեամբ հաղորդ պիտի դառնային արարողութեանց։

VAN VALISI 2

Սրբազան Հայրը ըսաւ որ եկած է գլխաւորելու ծանօթ ուխտագնացութիւնը, որուն ընթացքին պարտականութիւն համարած է նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, Կուսակալին նուիրեց փայտեայ փորաքրուած պտղաման մը։

Իսկ Վանի Կուսակալը Նորին Սրբազնութեան նուիրեց յախճապակեայ պնակ մը։

Այց Պատմական Վայրեր

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 13.00-ին ուղեկցութեամբ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի այցելեց պատմական վայրեր: Պատրիարք Հայրը նախ այցելեց Պաշքալէ գաւառակի մէջ (պատմական՝ Աղբակ) գտնուող Ս. Բարթողոմէոսի Տաճարը, ուր ըստ աւանդութեան կը գտնուի Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալի նշխարները։ Տեղւոյն վրայ կատարուած ուխտի աղօթքէն ետք, Պատրիարք Սրբազանն ու ընկերակիցները անցան Սօրատէրի շրջանը, ուր թաղուած են Արծրունեաց Տոհմի անդամները եւ աղօթեցին տեղւոյն Ս. Էջմիածին մատրան մէջ, որ մեծաւ մասամբ կանգուն վիճակի մէջ կը գտնուի։

PARTOGHOMEOS

PARTOGHOMEOS 2

 

SORADER

8 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի

Առաւօտեան ժամը 07.00-ին սպասարկողներու խումբը, առաջնորդութեամբ Լուսարարապետ Հայր Սուրբին, ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։

Ժամը 10.30-ին Կղզի հասաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հայրը եւ կատարուած Հրաշափառի արարողութեամբ մուտք գործեց պատմական Տաճար եւ կատարեց կանոնական ուխտի աղօթքը։ Պէտք է ընդգծել, թէ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 1895 թուականէն ետք առաջին Աթոռակալն էր, որ Հրաշափառի արարողութեամբ, ցուպ ի ձեռին մուտք կը գործէր Աղթամարայ Կաթողիկոսութեան նստավայր՝ Ս. Խաչ Մայր Տաճար։

ADAYA VARIS

 

HRASHAPAR AGHTAMAR

Դժբախտաբար համաճարակի պատճառով այս տարի ուխտաւորներ եւ ժողովուրդ ներկայ չգտնուեցան Ս. Պատարագի ընթացքին: Այս պատճառով ալ բոլոր արարողութիւնը համաձանցի վրայ կենդանի սփռուեցաւ:

Սուրբ Պատարագ

Ժամը 11.00-ին սկսաւ Սուրբ Պատարագը: Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան: Սուրբ Սեղանին կը սպասարկէին Բրշ. Սարկաւագներ Ռոպէր Քիւչիւքաքպուլութ, Արմենակ Գազանճեան, Բրկ. Կ. Սարկաւագներ Ղազար Սապունճու, Արտա Փնարճը եւ Գրիգոր Էրքան Կարապետեան։

BADARAK AGHTAMAR

Երգեցողութիւնները կատարուեցան այս ուխտագնացութեան առթիւ յատկապէս հրաւիրեալ դպրաց խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

EDVIN AGHTAMAR

Ս. Պատարագին ներկայ եղան Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Պուրհան Էրսօյ եւ այլ պաշտօնական անձեր։

Քարոզ

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց «Զօրութիւն Սուրբ Խաչի Քո Քրիստոս» բնաբանով։

KAROZ AGHTAMAR 2

Խոստովանանք եւ Ս. Հաղորդութիւն

Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ապա Պատարագիչ Տէր Հայրը հաղորդութիւն տուաւ Տաճարին մէջ գտնուողներուն։

Յիշատակութիւն

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

Ապա հանդիսադիր Սրբազան Հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները:

Վերադարձ

Յաւարտ հանդիսութեանց, իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները նոյն երեկոյեան վերադարձան Ստանպուլ։

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/2360601444236437

  • ahtamar-kilisesi
  • VAN VALISI 2
  • VAN VALISI
  • PARTOGHOMEOS
  • PARTOGHOMEOS 2
  • SORADER
  • ADAYA VARIS
  • HRASHAPAR AGHTAMAR
  • BADARAK AGHTAMAR
  • EDVIN AGHTAMAR
  • KAROZ AGHTAMAR 2