ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՂԹԱՄԱՐ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

 

Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին՝ 8 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ։

 

Անցեալ Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019, միջօրէին սկսաւ սոյն ուխտագնացութիւնը, զոր գլխաւորեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան։

 

6 Սեպտեմբեր 2019, Ուրբաթ

Ժամը 15.35ին Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի օդանաւով ճամբայ ելաւ դէպի Վան։

 

Մօտ երկու ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք, խումբը ժամը 17.50-ին հասաւ Վանի Ֆէրիտ Մէլէն օդակայանը, ուրկէ անցաւ հիւրանոց։

 

7 Սեպտեմբեր 2019, Շաբաթ

Խումբը, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի, ուր կատարեց անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները, փոխադրուեցան նաեւ եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։

 

Այս առթիւ, Կղզիի վրայ լարուած էին վրաններ, առողջապահական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ մամլոյ հաղորդակցութեան կեդրոն մը։

 

Յետ միջօրէին, Վան հասան նաեւ Ս. Պատարագի ընթացքին սպասարկելիք սարկաւագներն ու դպրաց խումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ ուղղուեցան հիւրանոց։

 

Կուսակալին պաշտօնական այց

Նորին Սրբազնութիւնը ժամը 14.00-ին իր անձնական բնակարանին մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզին։

VALI 2

Մեծայարգ Կուսակալը անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ կարողութիւն՝ իր կիրակնօրեայ պարտականութեանց համար։ Ան, ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս տարի կրկին առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։

 

Սրբազան Հայրը ըսաւ որ եկած է գլխաւորելու ծանօթ ուխտագնացութիւնը, որուն ընթացքին պարտականութիւն համարած է նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, Կուսակալին նուիրեց Հայ Եկեղեցւոյ կերպաս գանձերու մասին հատորը։

VALI 1

Իսկ Վանի Կուսակալը Նորին Սրբազնութեան նուիրեց Աղթամարի յախճապակեայ նկար մը։

 

Հանդիպում Էրթուղրուլ Կիւնայի հետ

Նորին Սրբազնութիւնը երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Մշակոյթի նախկին նախարար Էրթուղրուլ Կիւնային հետ։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Կիւնայ շեշտեց երկու ժողովուրդներուն կապերուն անհրաժեշտութիւնը եւ այլ եւս աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու պատարագը։

GUNAY 1

Ան, իր յօդուածներու վերջին ժողովածոյէն նուիրեց Նորին Սրբազնութեան։

 

Այց՝ Վանի նորակառոյց թանգարանը

Նորին Սրբազնութիւնը այցելեց նաեւ Վանի նորակառոյց թանգարանը եւ տեղւոյն գիտաշխատող Աթիլլա Կէօքի առաջնորդութեամբ շրջեցաւ հարուստ հաւաքածոն։

VAN MUZE 1

Մինչ այդ, արդէն իսկ Վան հասնելու սկսած էին ուխտաւորներ։ Նոյն ուխտագնացութեան մասնակից այլ խումբեր շրջեցան Կարս եւ այլ շրջաններ, ապա միացան Աղթամարի ուխտաւորներու խումբին։

 

8 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի

Առաւօտեան ժամը 08.30-ին սպասարկողներու խումբը, առաջնորդութեամբ Լուսարարապետ Հայր Սուրբին, ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։

 

Ժամը 10.30-ին Կղզի հասաւ Բարձր. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան եւ մտաւ տաճար։

AGHTAMAR 2

Սուրբ Պատարագ

Ժամը 11.00-ին կազմուած հանդիսաւոր թափորը շարժեցաւ Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն, գլխաւորութեամբ Պատարագիչ Սրբազան Հօր։

AGHTAMAR 1

Կը սպասարկէին Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Բրկ. Ղազար Կ.Սրկ. Սապունճեան, Արտա Կ.Սրկ. Փնարճեան, Կարապետ Կ.Սրկ. Եոնթանեան, Շահին Ուր. Դպ. Քալտըրըմեան, Շանթ Ուր. Դպ. Չէլիքեան եւ Միհրան Դպ. Սաթըլմըշ։

 

Երգեցողութիւնները կատարուեցան յատուկ այս ուխտագնացութեան համար հրաւիրեալ դպրաց խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

AGHTAMAR 4

Ս. Պատարագին ներկայ եղան Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ եւ իր փոխանորդը, Ատանայի Ամերիկեան Հիւպատոսը, Կէվաշի Քաղաքապետ Մուրատ Սէզէր, Գաւառապետը, Մշակոյթի նախկին Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ եւ այլ պաշտօնական անձեր։

 

Յիշատակութիւն

Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ յիշատակութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

 

Քարոզ

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց, բնաբան ունենալով Խաչվերացի Ողորմեա շարականէն §Փայտ կենաց որ փոխանակ մահացու պտղոյն զՔրիստոս պտղաբերեցեր. պարսպեալ պահեա զուխտս հաւատացելոց¦ տունը եւ ըսաւ.

 

Գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանենք Բարձրալին՝ Աստուծոյ, որ արժանացուց մեզ անգամ մը եւս պաշտամունք կատարել Աղթամարի այս հոյակապ տաճարին մէջ: Շաբաթ մը առաջ է, որ կը տօնենք Խաչվերացի Տաղաւարը, որպէսզի պանծացնենք նաեւ Եկեղեցւոյ անունը, որ խորհրդանշական մեծ արժէք ունի Քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքին համար:

 

Կորսուածը վերագտնել միշտ հրճուանք կը պատճառէ մարդուն սրտին, ինչպէս տուն դարձած Անառակ Որդիին մասին հայրը կ՚արտայատուէր արձունքաթաթախ աչքերով։ §Այս իմ որդիս կորսուած էր՝ գտնուեցաւ, մեռած էր՝ յարութիւն առաւ¦։ Աղթամարի այս գողտրիկ տաճարին համար միեւնոյնն են մեր զգացումները։ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այս շնորհքը ըրաւ մեզի կրկին եւ այս Սուրբ Տաճարն ու իր զաւակները ողջագուրուեցան անգամ մը եւս այս տարի ալ։

 

Խաչը ամէն սերունդի կողմէ յաճախ վերագտնուելու է խորագոյն իմաստներով եւ փառաւորուելով բարձրացուելու՝ մարդկութեան վերեւ։ Սուրբ Խաչը, Քրիստոնէութեան այս վսեմագոյն նշանը ունի նաեւ տիեզերական իմաստ մը։ Ան ամենէն խորունկ խորհրդանիշն է սիրոյ, ամէն տեսակ անձնազոհութեան, նուիրագործումի եւ անձնուրացումի։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս տակաւին չէր խաչուած, երբ խաչը այս իմաստով գործածեց որպէս նման՝ անձնական զոհողութեան եւ նաեւ անձնական փրկութեան միեւնոյն ատեն։ §Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն¦ (Մատթ.10.38)։

 

Մեր աչքերը երբեք չեն նայիր Քրիստոսի Սուրբ Խաչին առանց տեսնելու Խաչեալի փառայեղ Յարութիւնը։ Մեր հայրերը խաչքարերու արուեստով խաչը վերածած են կենաց նշանի։ Հոն մահուան սարսափազդու գործիքը կորսնցուցած է այլեւս իր տխրութիւնը եւ լուսադէմ կը կանգնի բոլոր տառապեալներու առջեւ իբր Կենաց Ծառ, որմէ կը հայցենք շնորհք եւ օրհնութիւն։

 

Սիրելի ուխտաւոր եւ հաւատացեալ ժողովուրդ մեր,

Դուն ալ կեանքի դժուարութիւններդ եւ խնդիրներդ, ցաւերդ եւ հիւանդութիւններդ խաչի վերածէ եւ շալկելով քու ուսերուդ վրայ բարձրացուր զայն։ Իմացիր որ Երկնաւոր Հայրդ կը դիտէ, եւ յարմար ժամանակին ծաղիկի եւ պտուղի պիտի վերածէ քու խաչդ ալ, ինչպէս խաչքարերը մեր։

 

Խաչը խորհրդանշանն է սիրոյ, խորհրդանիշն է նաեւ եսակեդրոն կենսավիճակէ մը դէպի Աստուածակեդրոն կենսավիճակի մը անցքին, ուր այլեւս Աստուծոյ կամքը կ՚իրականանայ մարդկային հաճոյքէն եւ անհատական շահերէն գերադասուելով։

 

Սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Քրիստոսի Սուրբ Խաչին ձօնուած այս Տաճարին մէջ եկէ՛ք միասնաբար աղօթենք, որպէսզի բարձրեալն Աստուած մեզ եւ ամբողջ աշխարհը Քրիստոսի խաչէն ճառագայթող սքանչելի լոյսով թո՛ղ լուսաւորէ, փոխէ եւ պայծառակերպէ։ Պատերազմները՝ խաղաղութեան, խաւարը՝ լուսաւորութեան թո՛ղ վերածէ։ Մեր ընտանեկան յարկերէն ներս սէր եւ խաղաղութիւն շնորհէ։ Եւ Սուրբ Խաչի պահպանող զօրութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլորին վրայէն։

 

Փառք Սուրբ Խաչիդ. Ալէլուիա։

Զօրութիւն Սուրբ Խաչի քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ։

 

Թող այսօր, մեր սրտի ջերմեռանդ աղօթքները նուիրական այս տաճարէն լսելի ըլլայ քեզ, ո՜վ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս։ Ընդունէ՛ մեր ուխտը, նորոգէ եւ զօրացուր մեզ բոլորս մեր կոչման եւ պարտաւորութեանց մէջ եւ արժանի ըրէ մեր սուրբ հայրերու հետ փառաւորելու Քեզ, ընդ Հօր եւ ընդ Սուրբ Հոգւոյդ։ Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

 

Խոստովանանք եւ Ս. Հաղորդութիւն

Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ապա Պատարագիչ Սրբազան Հայրը հաղորդութիւն տուաւ Տաճարին մէջ գտնուող հաւատացեալներուն։ Նկատի ունենալով բազմութիւնը, հոգեւոր հայրեր եւս Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեցին։

 

Անդաստան

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ փակ, ուր հաւատացեալներու աղօթակցութեամբ, §Ամէն, ալէլուիա¦ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Աշխարհի իւրաքանչիւր կողմ դարձը կը դժուարանար, քանի հաւատացեալներ եւ մամուլի աշխատակիցներ գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին վանքին փակը։

 

Ապա հանդիսադիր Սրբազան Հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պատճառելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն։

AGHTAMAR 5

Այստեղ խօսք առաւ Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ եւ իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ ահա անգամ մը եւս իրականացած էր Աղթամարի ուխտագնացութիւնը։  Ան շեշտեց այս ու նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը։

 

Խօսք առաւ նաեւ Մշակոյթի նախկին Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ եւ շեշտելով Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու համակեցութեան կարեւորութիւնը, ըսաւ որ երբեք պէտք չէ մոռնալ բազմադարեան համակեցութեան գեղեցիկ նկարը եւ պէտք է պահպանել մեր եղբայրական կապերը։ Ինք ըսաւ նաեւ թէ հայերէն չգիտնալուն արարողութեան լեզուն չէ հասկցած, բայց եւ այնպէս երաժշտութիւնը այնքան հարազատ հնչած է իր ականջին։ Ահա այս եւ նման բաներն են որ զիրար կը շաղկապեն երկու ժողովուրդները։

AGHTAMAR 3

Սիրոյ սեղան

Կէվաշի Քաղաքապետ Մուրատ Սէզէր ի պատիւ սոյն ուխտագնացութեան, Էտրէմիտի մէջ սարքեց սիրոյ սեղան մը, որուն մասնակցեցան պաշտօնական անձնաւորութեանց առընթեր, Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հայրեր, Ս. Սեղանի սպասարկողներ, դպրաց խումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Կէվաշի ժողովուրդը։

 

Այս առթիւ, Կէվաշի Քաղաքապետը Նորին Սրբազնութեան նուիրեց  ձեռագործ նկար մը, որ շրջանին համայնապատկերն էր։

 

Քաղաքապետը ապա գիւղական պարտէզներու մէջ շարունակեց հիւրասիրել Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները։

 

Վերադարձ

Յաւարտ հանդիսութեանց, իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները նոյն երեկոյեան վերադարձան Ստանպուլ։