ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ

Kategori: Եկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 18 Յունիս 205 Շաբաթառաւօտ, ժամը 06.15-ի թռիչքով եւ ուղեկցութեամբգաւազանակիր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, նաեւԳերյ. Հ. Ճոն Վրդ. Ուիլիի, ճամբորդեց դէպի Կեսարիա։

Նորին Ամենապատուութիւնը Կեսարիոյ օդակայանի պատուոյսրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ.Այվազեանի, Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեանի, Բրշ. ՍահակՍրկ. Պչաքչեանի եւ Կեսարիոյ Եկեղեցւոյ բարերար ԶատիկԹոքէրի կողմէ։ Պահ մը հանգստանալէ յետոյ, ՆորինԱմենապատուութիւնը եւ շքախումբը այցելեցին Կեսարիոյ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ աղօթք,խնդրելով բարեխօսութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին եւյատկապէս Ս. Տրդատ Արքային որուն յիշատակի օրն էր։

Կէսօրուան մօտ Կեսարիա ժամանեցին նաեւ Հոգշ. Հ. ԵղիշէԱբղ. Ուչքունեանի գլխաւորութեամբ պոլսահայուխտաւորներ, որոնք Պոլսէն ճամբայ ելած էին օթօպիւսով։Անջատ փոխադրամիջոցով Կեսարիա ժամանած էին նաեւԲերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ասողիկ Դպրաց ԴասԵրգչախումբի անդամները, Ատանայէն, Սեբաստիայէն եւՄուսատաղէն հաւատացեալներ։

Ժամը 13.30ին Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջմատուցուեցաւ Երախայից Ս. Պատարագ։ Ապաուխտաւորները բարձրացան Արգէոս Լեռը։

Իսկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր շքախումբի անդամներունհետ նախ գնաց Կեսարիոյ քաղաքապետարանի գլխաւորգերեզմանատունը, այցելեց իր վաղեմի բարեկամները ՀաճըՄուհարրէմ եւ Հաճը Կիւնկէօր Պիւյիւքմխճը ամոլին շիրիմը,որոնք անցեալ տարի կնքեր էին իրենց մահկանացուն։ ՆորինԱմենապատուութիւնը յիշեց մարդասէր ամոլինբարերարութիւնները եւ աղօթեց իրենց հոգիներունհանգիստին համար։

78

(Զատիկ Թօքէր, Ահմէտ Պ.Մխճը, Պատրիարք Հայրը, Սահակ Սրկ., Միւռոն Քհն.)

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Պիւյիւքմխճըընտանիքին պատկանող Թաքսան գործարանը, որ կը գտնուիԿեսարիոյ գաւառակներէն Ինճէսուի մէջ։ Այստեղ իրԿեսարացի բարեկամը գործարար Ահմէտ Պիւյիւքմխճըինպատկանող ապարանքին մէջ Նորին Ամենապատուութիւննու ընկերակիցները պատուասիրուեցան ցերեկուան ճաշով։

79

(Էվէրէկի նախկին Ս. Թօրոս եկեղեցւոյ դրան առջեւ.. Սահակ Սրկ., Գէորգ Քհն., Պատրիարք Հայրը, Միւռոն Քհն., Տրդատ Քհն.)

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա իր շքախմբիանդամներուն հետ այցելեց Տէվէլի (նախկին Էվէրէկ)գաւառակը, տեղւոյն նախկին Ս. Թորոս Եկեղեցին, որներկայիս մզկիթի վերածուած է եւ Էվէրէկի հին Հայկականթաղը։ Այցելեց Արգէոս Լեռը, Թալաս եւ երեկոյեան ժամերունհասաւ Հիլթըն Հիւրանոց, ուր ուխտաւորներէն խումբ մըկ՚իջեւանէր։