ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՆԻԿԻԱ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Միջեկեղեցական

24271477_10155755579238503_1706677195_oՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեամբ եւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ 28 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի ուխտագնացութիւն կատարուեցաւ դէպի երբեմնի «Իզնիք Այասօֆիասը» (Նիկիոյ Այասֆիա) Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ, Ս. Գրային սերտողութեանց մասնակից տիկիններ ուղղղուեցան Նիկիա։ Ս. Գրային սերտողութեանց ծիրէն ներս, մասնակիցներ «Նիկիոյ Հանգանակ»ի մասին Հայր Սուրբէն գիտելիքներ ստացած ըլլալով, կազմակերպած էին նման ուխտագնացութիւն մը, օժանդակութեամբ Տարօն Էօզունճեանի։

24177186_917200798430850_4630709871594564679_n24209735_10155755578963503_1148042982_oՈւխտաւորաց խումբը առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուղղուեցաւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցիէն։ Ճամբորդութեան ընթացքին խումբի անդամներ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու առիթը գտան։ Անոնք, միջօրէին հասան Իզնիք՝ պատմական անունով Նիկիա։ Նախ քան Քրիստոնէական նշանակութիւնը տեղեկութիւններ գտան քաղաքի անունին մասին։ Ն.Ք. 301ին Մակեթոնիացի զօրավար մը կը գրաւէ քաղաքը եւ զայն կանուանէ իր կնոջը՝ Նիկիա անունով։ Ապա, «Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողով»ի մասին տեղեկութիւններ լսեցին։ Ըստ աւանդութեան, Նիկիոյ Այասօֆիա Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Բ. Նիկիոյ Ժողովը։ Այդ եկեղեցին, խորհրդանշաբար կը յիշեցնէր նաեւ Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովը, որուն մէջ յստակօրէն հաստատուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածութիւնը եւ նզովուեցաւ Արիոսը ու հերքուեցաւ Արիոսի հերետիկոսական ուսուցումը։ «Իզնիք Այասօֆիասը»ն ներկայիս կը գործածուի որպէս թանգարան մզկիթ՝ ծանօթ Իզնիք Այասօֆիա Օրհան Ճամի անունով։ Հայր Սուրբը, ճանապարհորդութեան ընթացքին մասնակիցները հրաւիրեց մտածելու մեր սուրբ հաւատքի մասին եւ հաւատամքի մէջ յայտնուած Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքը անգամ մը եւս խոստովանելու, Նիկիոյ Քաղաքին մէջ։ Այցելութեան առիթով այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Երբեմնի Կայսերական Առաջնորդանիստ Քոիմէսիսի Եկեղեցւոյ շրջակայքն ու Պիւճէքլի Այազմա կոչեցեալ լուսաղբիւր մկրտարանը։ Ներկաներ, սոյն այցելութեամբ իրազեկ դարձան Քրիստոնէական ուսուցումի տիեզերական չափանիշով հաստատուած քաղաքի Քրիստոնէական հետքերուն։ Խումբը երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ Գատըգիւղ։

24197171_10155755579518503_648581934_o